Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու միջեւ առկայ փոխհամագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագրի ծիրէն ներս Յուլիս 15-էն 17-ը աշխատանքային այցով Արցախ կը գտնուէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ այցի առաջին օրը Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը Արցախի իր պաշտօնակից Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ եղած է հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերէն մէկը, տեղւոյն վրայ ծանօթացած իրադրութեան, դիրքապահներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն:
Յաջորդ օրը Պաշտպանութեան բանակի շտապին մէջ ՊԲ հրամանատարական կազմի, շտապի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերու մասնակցութեամբ հրաւիրուած է խորհրդակցութիւն, երբ ՊԲ հրամանատարը համապարփակ զեկոյցով ներկայացուցած է ընթացիկ տարուան ձեռքբերումները, իրականացուած եւ դեռեւս ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներու համալիրը:
Եռօրեայ այցի վերջին օրը հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարները այցելած են հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր, ծանօթացած հակառակորդին հնարաւոր ոտնձգութիւններուն աւելի նպատակային հակազդելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած հրամանատարական կազմի եւ ժամկէտային զինծառայողներու հետ:
Արցախ կատարած այցի ծիրէն ներս Վիգէն Սարգսեան ունեցած է նաեւ շարք մը անհատական հանդիպումներ, այցելած է Հադրութի մէջ մեկնարկած համահայկական ուսանողական ճամբար եւ պատասխանած ճամբարականներու հարցումներուն: