Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Արցախի Ազգային Ժողովը Այսօր Նախագահ Պիտի Ընտրէ

Յուլիս 18-ին Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` Ազհային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու, խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ աշխատակազմի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, կը տեղեկացնէ Արցախի խորհրդարանի մամուլի ծառայութիւնը:

Քննարկման ներկայացուած է ԱԺ յատուկ նիստի ընթացքի մասին կանոնակարգային պահանջները: Յատուկ նիստի ընթացքին խորհրդարանը, Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածին համաձայն, պիտի ընտրէ Հանրապետութեան նախագահ, որ պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու աւարտը:

Աշոտ Ղուլեան պարզաբանած է յատուկ նիստի ընթացակարգը, պատասխանած պատգամաւորներու հարցերուն եւ անհրաժեշտ յանձանարարականներ տուած աշխատակազմի պատասխանատուներուն:

Խորհրդարանի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19-ին, ժամը 11:00-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին