*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Երեւանի մէջ, 332 էջերու վրայ տարածուող գեղատիպ այս հատորը՝ փաստագրային լուսանկարներով՝ լոյս տեսած է Յովիկ Էօրտէքեանի խմբագրութեամբ, որ կուսակիցն է հեղինակին։
Բայց այս հատորը կը տարբերի այլոց գրածներէն՝ այն իմաստով, որ լրիւ ինքնակենսագրական բնոյթ ունի՝ մանրամասնութիւններով, որոնք ի յայտ կու գան այս հատորով իրենց թուականներով, օրով ու ժամով ու մանաւանդ աշխարհամասերով, որ եւ կը սկսի Սուրիոյ սահմանակից՝ նախկին հայաբնակ Քիլիս քաղաքէն, Մեծ Եղեռնի պատճառով կը հասնի Հալէպ, Հալէպէն Պէյրութ, ու ապա Լիբանանի ներքին չարագուշակ պատերազմին պատճառով՝ Փարիզ, եւրոպական մայրաքաղաքներ, հասնելու համար հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա։
Եթէ այս հատորը նկատէք տեսակ մը Գասարճեան հանրածանօթ ընտանիքի պատմութեան, ընտանիք, որ կանուխէն կապուած է ՀԲԸ Միութեան, սխալած չէք ըլլար, քանի որ ՀԲԸ Միութեան ուղեգիծը որդեգրողները մօտիկ կանգնած կ’ըլլան ՌԱԿ-ին, ՀԵԸ-ի միջոցով, ինչպէս ՀՄԸՄ-ի շարքին մէջ եղողները Դաշնակցութեան։
Հեղինակը ճիշդ ընտրած է հատորին անունը՝ «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով» քանի հոս կը գտնէք հեղինակին յիսնամեայ կեանքը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ճամբով՝ այս կուսակցութեան բոլոր ելեւէջներով։
Խմբագիր Էօրտէքեանը ճիշդ կատարած է հեղինակին տուած տուեալներուն դասաւորումը։
Հեղինակին տուեալները հարուստ են։
Իբրեւ յառաջաբան տրուած հեղինակին «Երկու խօսք»-ին մէջ կը կարդանք,- «Կեանքիս շուրջ կէս դարու իրադարձութիւնները, դէպքերը եւ դէմքերն են, որ պիտի երեւան այս գիրքին մէջ։ Ընտանեկան յարկի եւ պատանեկութեան տարիներու յիշողութիւններ, միութենական, կուսակցական, ազգային քաղաքական, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանական գործունէութեան դրուագներ թուղթին յանձնելու եւ ձեւով մը հինգ տասնամեակներու հաշուետուութիւն մը տալու ցանկութիւնը զիս մղեց ձեռնարկելու այս գործին»։
Հեղինակը վերի խոստումը կատարած է մանրամասնօրէն։
Թէեւ կրնայ պատահիլ, որ ուրիշներ լրիւ համաձայն չըլլան հեղինակին արտայայտած բոլոր տուեալներուն։ Եղելութիւն մը, որ յատուկ է աշխարհի բոլոր կուսակցութիւններուն եւ որուն երկփեղկումը հին է ու այսօր եւս կը շարունակուի։
Երկփեղկումը գիտենք, բայց ներքին պատճառներուն անտեղեակ ենք։ Գիտենք, սակայն, որ ՌԱԿ-ը անցեալին ունեցած է պատկառելի դէմքեր, այսօր ալ ունի մտաւորական փայլուն միտքեր, բայց թէ ինչո՞ւ տարհամոզմամբ, անտեղեակ ենք։ Գուցէ կուսակցական գաղտնիք է, որ պատահած է ու այսօր եւս կը պատահի բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ անխտիր։ Թէեւ ոմանք լռութեամբ կը լուծեն անլուծելի կարծուած իրենց տարակարծութիւնները, ոմանք՝ աղմուկով։
Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ ՌԱԿ-ի պարագային այս կուսակցութեան բոլոր տարակարծութիւնները լուծելի են, աւելի ճիշդը մեր ցանկութիւնն է այս մէկը։
Գիրքին առաջին բաժինը վերնագրուած է՝ «Գործունէութիւն», ուր հեղինակը կը խօսի իր անդամակցութեան մասին ՀԲԸ Միութեան եւ անոր երիտասարդական բաժինին՝ ՀԵ ընկերակցութեան։ Հետաքրքրական են այս բաժինին տուեալները։ Երիտասարդը շատ կը սիրէ սփոր, մասնակից է ամէն տեսակ մարզական խաղերու։ Բայց ահա, երբ ինք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ուսանող դառնալու աստիճանին հասած է, կը դառնայ համալսարանի հայ ուսանողական միութեան անդամ։ Այս ուսանողական միութիւնը ղեկավարելու շատ փորձեր կատարած են մեր կուսակցութիւնները, յատկապէս ռամկավարներն ու դաշնակցականները՝ փոխն ի փոխ։
Այս եւս բնական երեւոյթ է՝ ունենալ զարգացած կուսակցականներ։
Ահա, հակառակ հօր պատուէրին, հեղինակը կը դառնայ ՌԱԿ-ի անդամ ու իր ողջ կեանքը կը նուիրէ իր ընտրած կուսակցութեան։ Այդ կեանքն է, որ տրուած է այս հատորին մէջ՝ յիշատակելով գործիչներու բազմաթիւ անուններ, որոնցմէ ոմանք այսօր եւս բարեբախտաբար ողջ են, իրեն հասակակից գրեթէ, բայց՝ այլաբան։
Հեղինակը կ’արձանագրէ,- «Նախ ըսեմ, որ միայն ուրախութեամբ չեմ արձանագրեր այսօր իմ մասնակցութիւնս ՌԱԿ-ի շարքերուն, այլ նաեւ՝ հպարտութեամբ։ Հպարտութեամբ, քանի որ այսօր արդէն ասպարէզը ունինք, որ մեր կուսակցութեան ազատական ռամկավարութեան գաղափարականը Հայաստանի մէջ ալ որդեգրուած է…»։
Հեղինակը լայնածիր ուղիի մը մէջ նկարագրած է պարագաներու բերումով իր ու իր ընտանիքին Փարիզ անցնիլն ու հոն շարունակել կուսակցականի կեանքը, տեղական հանգամանքով ու մերթ բնական կեանքէն բխող յարաբերութեան մէջ մտնելով Ֆրանսայի դէմքերու հետ, անշուշտ վասն հայութեան։
Անուններու թուարկումին մէջ կան կարգ մը մեծագոյն դէմքեր` մինչեւ Ֆրանսայի վերին իշխանութիւն։
Հոս կը ներկայացուի կուսակցութեան կեանքը։ Փարիզեան հանդիպումէն ականատես կ’ըլլանք նկարի մը, ուր կ’երեւին Ռուբէն Միրզախանեան, բժ. Յարութիւն Եոզղաթեան, Վիգէն Խաչատրեան, Յակոբ Աւետիքեան եւ հեղինակը 1992 թուին։
Աւելի խորանալով կը ներկայացուին համաեւրոպական գործունէութիւնը ՌԱԿ-ին, ուր կան գործիչներ Նազարէթ Թօփալեանի, Արթօ Համբարձումեանի եւ Անդրանիկ Քէշիշեանի հէնքէն մարդիկ՝ Յակոբ Կօշկարեանը, Կարապետ Փալթապետրոսեանը եւ ինք՝ հեղինակը, յաճախ ղեկավար դիրքերու վրայ։
Կուսակցութեան բազմաթիւ պատգամաւորական ժողովներ ու համագումարներ կը նկարագրուին, ուր կը հանդիպինք ծանօթ անուններու՝ Վաչէ Ղազարեան, Ճորճ Մանտոսեան, Օհան Պոտրումեան, Յովիկ Էօրտէքեան։ Հոն են նաեւ Արշաւիր Կէօնճեանը, Երուանդ Ազատեանն ու Յակոբ Վարդիվառեանը։ Բոլորը ծանօթ անուններ Ռուբէն Թէրզեանի, Վարդան Ուզունեանի, Ասպետ Համալեանի, Յարութիւն Արզումանեանի, Պարոյր Աղպաշեանի, Օշին Մոսթիճեան, հիներէն Հայկաշէն Ուզունեանի շարքին, միշտ համագումարներու մէջ։
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը կը ներկայացուի իբրեւ ոչ անջատողական՝ արժանանալով բոլորին յարգանքին։
Հեղինակը կը ներկայացնէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութիւնը, որ տասնամեակներու ընթացքին, մինչեւ այսօր կը կատարէ բազմաբեղուն աշխատանք, արժանի՛ իր անունին։
Հեղինակը կը վկայագրէ իր շարք մը հանդիպումները Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ, ներկայացնելով զինք իբրեւ համախոհը Ռամկավար կուսակցութեան։
Կը հասնինք Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ։ Կը հասնինք հանդիպումներու Ֆապիուսի, Շիրաքի հանդիպումներուն նաեւ անընդմէջ պատգամաւորական հանդիպումներու։
Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենայ կուսակցութեան հաշտութեան ժողովը։ Կողմերը կը համաձայնին… բայց հակառակ միասնութեան վերահաստատումին՝ հաղորդագրութեամբ մը, կը մնան բաժնուած մինչեւ այսօր, բան մը, որ մեր կողմէ ներելի չենք գտներ։ Նոյն կուսակցութիւնը, նոյն գաղափարականը ունենալուն ի վերջոյ անհրաժեշտութիւն է միաւորումը։
Կը շարունակուի կուսակցական կեանքի շարունակուիլը։ Լիբանանահայութեան մէջ երեսփոխան է։ Մեծերու կարգին մէջ հանգստանալ չկայ- պէտք է լուծուի հայկական հարցը։ Կը տօնուի պանծալիօրէն ՌԱԿ-ի 70-ամեակը՝ պետական ղեկավարներու ներկայութեամբ։
ՌԱԿ-ը կը մասնակցի համահայկական համագումարներու։ Հեղինակը հոս կու տայ իր ելոյթը։ ՌԱԿ-ը համակիր Հայաստանի հանրապետութեան կեցուածքին։ Հեղինակը ունի պետական յանձնառարութիւնները, մօտիկ է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ՝ Նեպիհ Պըրրիին, կը բաժնէ անոր հայամօտ տեսակէտը, կը վայելէ վստահութիւնը Լիբանանի նախագահ՝ Միշէլ Սուլէյմանին, վարչապետ Հարիրիին։
Հատորը հարստացած է խորհրդարանական ելոյթներով, հարցազրոյցներով, որոնք կը տպուին «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ։
Հեղինակին հետ հարցազրոյցներ կ՝ունենան թէ՛ հայ, թէ՛ արաբ մամուլի ներկայացուցիչները՝ նիւթ ունենալով ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը նաեւ հայ կեանքի կողքին։
Հայ, արաբ, ֆրանսական մամուլը կ’արձագանգէ տուեալ հարցազրոյցներուն։
Հեղինակը ունի նաեւ ինքնագիր յօդուածներ՝ հատորին մէջ արձագանգող տեղական եւ ազգային երեւոյթներու։
Հետաքրքրական այս հատորը կը փակուի հեղինակին կենսագրական տուեալներով, որ կ’անցնի, ինչպէս ինք կը յայտնէ, «Նուիրում ՌԱԿ-ի ճամբով»։
Տրուածը պարզ լեզուով, անկեղծութեամբ, այս է։
Մեզի կը մնայ մաղթել, որ օր առաջ, ազգին նուիրուած այս կուսակցութիւնը միաւորուի անյապաղ, ըստ այն մեծերու, որոնք Վանի մէջ հիմնած էին Արմենական կուսակցութիւնը ո՛չ թէ ընդդէմ ուրիշներու եւ իրարու, այլ՝ ընդդէմ սմանեան Տէրութեան։
Բոլորս ալ գիտենք, որ միութիւնը զօրութիւն է։
Երեւան