Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Միրաքական»ներու Տպաւորութիւնները «Միրաք»ի Մասին

«Միրաք»ի պատանիներուն վերջին հաւաքին, առիթը ներկայացաւ շարժումին մասնակից պատանիներուն եւ իրենց ծնողներուն կարծիքը լսել «Միրաք»ի մասին՝ պատանեկական-ուսանողական շարժումի մը, որ 2016 թուականէն ի վեր գործէ Հայրենիքին մէջ:

Հետեւեալ տողերով տեղ կու տանք փունջ մը անկեղծ եւ անմիջականօրէն արտայայտուած տպաւորութիւններու, որոնց այնքան դրական բովանդակութիւնը կը խրախուսէ եւ յոյս կու տայ «Միրաք»ի պատասխանատուներուն շարունակելու իրենց առաքելութիւնը.

Սեդա Խանէսեան

Ես առաջին օրէն թոռնիկներուս հետ կը մասնակցիմ: Ամէն Կիրակի անոնց հետ կու գամ: Շատ շնորհակալ եմ հոգատարութեան, քաղցր լեզուի, լաւ վերաբերմունքի համար:

Սաթենիկ Յովսէփեան

Շնորհակալ եմ, որ մեր երեխաները կը յարաբերին այսպիսի դաստիարակուած անձնակազմի հետ: Այստեղ շատ լաւ մթնոլորտ կը տիրէ, որուն համար շնորհակալ եմ:

Մարիամ Աւագեան

Մեծ պատասխանատուութիւն է խօսք ըսել, կարծիք յայտնել կազմակերպութեան մը, ընկերութեան գաղափարին շուրջ, ուր հաւաքուած են մեր երեխաները: Կեդրոնը հսկայական լաւ գործ կ’ընէ, որուն կը մասնակցին նաեւ տղաքս: Այստեղ կը սորվին մէկը միւսին զիջիլ, հասկնալ, նոյնիսկ սխալ կարծիք ըսելու պարագային չհակառակիլ, չվիրաւորել, իսկ մեր հայաստանեան`կովկասեան հասարակութեան մէջ լսել դիմացինը, հասկնալ եւ սորվիլ ներել, շատ բարդ է: Ես ուրախ եմ, որ տղաքս կը մասնակցին, կը քաջալերեմ եւ շատ գոհ եմ բոլորէն:

Քնարիկ Կոստանեան

Մենք ալ, արդէն մէկ տարի է, կը յաճախենք Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժում: Բաւական փոփոխութիւն կը նկատենք երեխաներուն մօտ, թէ՛ տղուս, թէ՛ աղջկաս: Կ’իրականացուին շատ հետաքրքրական դաստիարակչական աշխատանքներ, որուն ամէն Կիրակի՝ երեխաներուս հետ միասին՝ կը մասնակցիմ նաեւ ես: Շնորհակալ եմ պարոն Ալեքսանին եւ իր ներկայացուցած կազմակերպութեան, նման նախաձեռնութեան համար: Ամէն Կիրակի երեխաները կ’առանձնանան իրենց առօրեայէն Միրաքի մէջ իրենց օրը իրականացնելու համար: Շնորհակալ եմ բոլորէն:

Քրիստինէ Գալստեան

Կ’ուսանիմ լրագրութիւն եւ ատիկա որոշ չափով առիթ դարձաւ, որպէսզի ծանօթանամ Թէքէեան կեդրոնի հետ: Արդէն չորս ամիս է, որ կը յաճախեմ Թէքէեան կեդրոն: Առաջին իսկ օրէն հասկցայ, որ նորէն պիտի գամ: Միշտ, շատերը հետաքրքրած է, թէ ինչը կը գրաւէ զիս, որ ամէն Կիրակի գործերս կը ձգեմ, որ անպայման երթամ Թէքէեան կեդրոն։ Այն մթնոլորտը, որ կայ կեդրոնին մէջ` երեխաներու ժպիտը, միասնականութիւնը, չափազանց գրաւիչ է: Յատկապէս, որ բոլորով շատ միասնական ենք եւ իրարմէ սորվելու բան ունինք: Շնորհակալ եմ ընկեր Ալեքսանին, ընկեր Անիին եւ մնացեալ բոլորին, որ կայ Թէքէեան կեդրոնը եւ կ’ուզեմ, որ միշտ գոյութիւն ունենայ:

Կարելի չէ վկայութիւններու այս փունջը եզրափակել առանց տեղ տալու նշեալ հաւաքին ներկայ եղող ՌԱԿ-ի երէց ընկեր Տիգրան Չալեանի սրտագին կոչին.

«…Ըսելիքս շատ կարճ է եւ ուղղուած է մեր կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատկառելի անդամներուն, մեր ընկերներուն, ղեկավարներուն Սփիւռքի մէջ: Այս երեխաներուն մէջ այնքան լաւ ձիրքերով օժտուած երեխաներ կան, որ Սփիւռքի մէջ քիչ պիտի գտնէք: Կան նկարչութեամբ, քանդակագործութեամբ, մարմնակրթութեամբ հետաքրքրուած երեխաներ, որոնք շատ ոգեւորած են զիս: Այստեղ` ինչպէս արաբերէն կ’ըսեն, խամ` հում նիւթ ունինք, որ այս երեխաներն են, որոնք կոփուելու համար կարիք ունին Սփիւռքի մէջ ապրող մեր կուսակցական ընկերներու զօրաւոր աջակցութեան: Ես կ’ուզեմ, որ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այս հարցով մօտէն զբաղի, որպէսզի տաղանդաւոր ձիրքերով օժտուած երեխաները առաջ տանելու հնարաւորութիւն ունենանք մեր կազմակերպութեան եւ ազգին համար նոր եւ առողջ սերունդ մը պատրաստելու»:

«Զ.»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին