Յուլիս 18-ին Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` Ազհային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու, խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ աշխատակազմի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, կը տեղեկացնէ Արցախի խորհրդարանի մամուլի ծառայութիւնը:
Քննարկման ներկայացուած է ԱԺ յատուկ նիստի ընթացքի մասին կանոնակարգային պահանջները: Յատուկ նիստի ընթացքին խորհրդարանը, Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածին համաձայն, պիտի ընտրէ Հանրապետութեան նախագահ, որ պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու աւարտը:
Աշոտ Ղուլեան պարզաբանած է յատուկ նիստի ընթացակարգը, պատասխանած պատգամաւորներու հարցերուն եւ անհրաժեշտ յանձանարարականներ տուած աշխատակազմի պատասխանատուներուն:
Խորհրդարանի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19-ին, ժամը 11:00-ին: