Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հաւանական հանդիպման ընթացքին, անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր ապահովել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ եւ քննարկում կայացնել անոր իրականացման վերաբերեալ։ Այս մասին, ըստ «Tert.am»-ի, յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։
Նշենք, որ Յուլիս 11-ին, Պրիւքսէլի մէջ կայացած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։
Հանդիպման աւարտին կատարուած յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր երկու պետութիւններու նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Սակայն, Մամետեարով իր կարգին նշած է, թէ նման հանդիպումներ «պէտք չէ կատարուին՝ պարզապէս հանդիպելու համար»: