Երկուշաբթի, 17 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Պուրումանայի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան, Հայ Եկեղեցւոյ մասին, արաբերէն լեզուով, դասախօսութիւն տուաւ միջ-եկեղեցական հիմնարկին հետեւող աշակերտներուն: Հայր Սուրբը խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին, աստուածաբանութեան, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական մարզէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեան մասին: Աւարտին, ներկաները Հայ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան առնչուած զանազան հարցումներ ուղղեցին դասախօս հայր սուրբին եւ ստացան լրացուցիչ ու ամբողջական պատասխաններ:
Յայտնենք, որ միջ-եկեղեցական հիմնարկին հետեւող երիտասարդ-երիտասարդուհիները եկած են Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն եւ Յորդանանէն: Սոյն համագումարին հայր սուրբին կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամներէն՝ Մակալի Մանուկեանը: Յիշենք նաեւ, որ հայր սուրբը ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատուն է։