Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալճեանը, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Akyazı.net» լրատուակայքը:
Զարուհի Քաւալճեան ծնած է Թուրքիոյ Ատափազար քաղաքին մէջ` 1877-ին: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալճեան, 1875-ին աւարտած էր Պոսթընի բժշկական համալսարանը եւ Ատափազարի ու Իզմիթի մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ բժիշկ:
Զարուհին 1898-ին կ’աւարտէ Ատափազարի Ամերիկեան իգական գոլէճը եւ նոյն թուականին կը մեկնի Ամերիկա, քանի որ Օսմանեան պետութեան մէջ կանանց արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել:
Շիքակոյի մէջ Քաւալճեան կ՛ընդունուի եւ 1903-ին կ՛աւարտէ Իլինոյսի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը, այնուհետեւ կը վերադառնայ Ատափազար եւ որոշ ժամանակ հօր հետ կ’աշխատի իբրեւ բժիշկ: Միաժամանակ նա նաեւ Ամերիկեան գոլէճին մէջ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալճեան աշխուժօրէն կը մասնակցի վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ կը տեղափոխուի Պոլիս:
Բացի բժշկութենէն Զարուհին զուգահեռաբար կը շարունակէ դասաւանդել Սկիւտարի Ամերիկեան իգական գոլէճին մէջ, ուր յայտնի կը դառնայ Դոկտոր Քաւալ անուամբ:
Օսմանեան Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը` Զարուհի Քաւալճեան, մահացած է 1969-ին եւ ամփոփուած Ֆերիքէոյի հայկական բողոքական գերեզմանատան մէջ: