Ինչպէս նշած էինք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս պարգեւատրեց կրթական եւ հասարակական ոլորտի լիբանանահայ գործիչներ: Պարգեւատրումին ներկայ էին, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Պարգեւատրուողներուն շարքին էր (որոնց մասին յաջորդաբար կ՛անդրադառնանք) լիբանանահայ գործարար, ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՀԲԸՄ Ասպետներու Վարչութեան ատենապետ Տիար Արթիւր Գունտաքճեանը, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար, որպէս Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆինանսատնտեսական հարցերով օգնական եւ գործունեայ համայնքային գործիչ՝ ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկեայ Մետալ»-ը:
Այս առիթով «Զարթօնք» իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ թերթիս բարեկամ Տիար Արթիւր Գունտաքճեանին մաղթելով արեւշատութիւն եւ յարատեւ կորով իր ազգանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ: