Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

«Ես Գոյութիւն Ունիմ»․ Թուրքիոյ Մէջ Մեծցած Դերասանուհին Եկած է Իր Պատմութեան Հետքերով

Թուրքիոյ մէջ մեծցած 27-ամեայ դերասանուհի Թուղչէ Այտըն միայն 19 տարեկանին սկսած է ուսումնասիրելու իր ընտանիքի պատմութիւնը եւ բացայայտած, որ հօրական տատը հայ է: Տատիկի ծնողները ապրած են Տարենտէ, Ցեղասպանութեան տարիներուն գաղթած են Սեբաստիա: Թուղչէ այժմ կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Սթամպուլի մէջ:

«Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնը առիթ հանդիսացած է, որ ան գայ Հայաստան եւ ուսումնասիրէ իր նախնիներու պատմութիւնը:

Բեմադրիչ-դերասանուհին հայերէն բառեր շատ գիտէ: Բայց, երբ կը խնդրես որ հայերէն խօսի, ան կ՛ըսէ․«Ես գոյութիւն ունիմ»: Այս բառերը անոր կարծիքով ամբողջ պատմութիւն մը կ՛արտայայտեն` իր պատմութիւնը: Ան սերտ կապուած է հայերու պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան: Կ՛ըսէ` բոլորին կ՛ուզէ պատմել, որ ինք գոյութիւն ունի, փրկուած է եւ իր անցեալի մասին նոր բացայայտումներով աւելի կ՛ամբողջանայ:

Թուղչէ Այտըն կը պատմէ` երբ հայելիի մէջ կը նայէր, կը մտածէր, որ Թուղչէ անունը իրեն համար չէ: Յաճախ մտորած է, եթէ Ցեղասպանութիւնը չըլլար, ինքը՝ Թուղչէն պիտի ըլլա՞ր, թէ ոչ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին