Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Բարերարութեան Դուռը Բանալը Դժուար Է, Բայց Եւ Դժուար Է Զայն Փակելը…

Զրուցեց՝ ԳԷՈՐԳ  ՉԻՉԵԱՆ

Լոս Անճելըսի իրաքահայերու ընտանեկան միութեան փոխնախագահ, դոկտ. Մարալ Անջարգոլեան, որ վերջերս հիւրընկալուած էր  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, «Հայերն այսօր»-ին կը պատմէ միութեան գործունէութեան, բարեգործական ծրագիրներու եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած իր սիրոյ, նուիրումի եւ  պատասխանատուութեան զգացումին մասին:

 Մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ Հայաստանն է…

-Լոս Անճելոսի իրաքահայերու ընտանեկան միութիւնը կը գործէ 35 տարիէն աւելի, որուն նպատակը համայնքին մէջ, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ միւս համայնքներուն մէջ, յառաջացած խնդիրներուն լուծում տալն է: Այս աշխատանքներուն զուգահեռ` մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ նաեւ Հայաստանն է: Բոլորս միախմբուած` պատրաստակամ ենք օգնութեան ձեռք մեկնելու Մայր Հայրենիքին: Կ’ուզենք մեր կատարած աշխատանքով նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ մեր հայրենակիցներու կողքին գտնուելու:

Երկար ու ձիգ տարիներու ընթացքին բազմապիսի խոշոր ծրագիրներ  իրականացուցած ենք, նաեւ բարեգործական  նախաձեռնութիւններ կատարած, որոնք կեանքի  կոչած ենք պարբերաբար կազմակերպուող դրամահաւաքներէն գոյացած հասոյթին միջոցով:

Իրաքի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին պատճառով 135 իրաքահայ ընտանիքի օգնած ենք Պաղտատէն Հայաստան տեղափոխուելու եւ ոտքի կանգնելու:

Շուրջ հազար դպրոցական սեղան, աթոռ եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ  յատկացուցած ենք Երեւանէն դուրս գտնուող քաղաքներու, գիւղերու դպրոցներուն: Իջեւանի, Նոյեմբերեանի, Մեծամորի մէջ արտադասարանական կեդրոններ  բացած ենք, ուր երեխաները դասերէն յետոյ կու գան` ինքնակրթութեամբ զբաղելու եւ իրենց առօրեան հետաքրքրական ձեւով անցնելու: Հիմա աւելի շատ ուշադրութիւն կը  դարձնենք սահմանամերձ գիւղերուն:

Նշեմ նաեւ, որ օտարութեան մէջ ապրող հայ երեխաներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու նպատակով արդէն երեսուն տարի է` միութեան ջանքերով Կլենտելի մէջ շաբաթօրեայ հայկական վարժարան կը գործէ, ուր անոնք հայոց լեզու, պատմութիւն, երգ, ասմունք կը սորվին` չկորսնցնելով ինքնութիւնը:

Հայրս մեզի կը յորդորէր լաւ մարդ դառնալ…

-Ես անձնական նախաձեռնութեամբ նոյնպէս բարեգործութեամբ  հանդէս կու գամ. ամէն տարի Սեպտեմբեր ամսուն կ’այցելեմ Հայաստան եւ ոեւէ ընտանիքի կով կը նուիրեմ, որպէսզի հոգան իրենց ապրելու, հանապազօրեայ հաց վաստակելու խնդիրը:

Հոգիիս հանգստութեան համար  բարեգործութիւն կ’ընեմ: Ուրախ կը զգամ, որ կրնամ մարդոց աջակցիլ, անոնց հոգերը  քիչ մը թօթափել:

Կը կարծեմ` հօրս` Խոսրով Տապաղեանի տեսակը ժառանգած եմ, անով ոգեշնչուած  բոլոր գործերը կ’իրականացնեմ: Ան շատ հայրենասէր էր, կը մտածէր Հայաստանին օգտակար ըլլալու մասին, իսկ մեզի կը յորդորէր լաւ մարդ դառնալ, որակեալ կրթութիւն ստանալ, որպէսզի յետագային մեր կատարած աշխատանքով կարենայինք նպաստել Հայաստանի զարգացման եւ յառաջընթացին:

Մայրս ալ Հայաստան սիրող, Հայրենիքի ապագայի մասին մտահոգ անձնաւորութիւն մըն էր: Մեզի միշտ կ’ըսէր, որ մեր վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է, վաղ թէ ուշ, մեր երկիր պիտի վերադառնանք:

Հայաստան առաջին այցելութիւնս ճակատագրական դարձաւ…

-Հայաստան առաջին անգամ 1988 թուականին եկած եմ` մասնակցելու ազգականիս հարսանեկան արարողութեան:

Պսակադրութիւնը տեղի ունեցաւ Գեղարդի վանքին մէջ, որն ալ ճակատագրական դարձաւ. վանական համալիրն իր հիանալի գեղեցկութեամբ մեծ ազդեցութիւն ձգեց իմ վրաս, եւ ես սիրահարուեցայ Հայաստանին: Սկսայ յաճախակի դարձնել այցելութիւններս, աւելի կապուիլ Հայաստանին, բնակարան ալ ունիմ Երեւանի մէջ, աղջիկս այստեղ  կ’ապրի:

Այս տարի թոռնիկներուս հետ  Հայաստան եկած եմ, քանի որ շատ կը ցանկայի անոնք մասնաւոր դասընթացներու յաճախելով` կատարելագործեն Մայրենիի իմացութեան մակարդակը:

Չնայած տան մէջ չենք ձգեր անգլերէն խօսին, բայց, այնուամենայնիւ, ամերիկեան միջավայրն իր «գործ»-ը կ’ընէ:

Այցելութեանս ընթացքին շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի Քնարիկ Գէորգեանի, Հայաստանի իրաքահայերու ընտանեկան, մշակութային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վիգէն Կիտիկեանի հետ հանդիպեցանք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Կը կարծեմ` արդիւնաւէտ քննարկում ունեցանք. նախարարը հանգամանալիօրէն ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան, կատարուած աշխատանքներուն` յորդորելով աշխուժօրէն մասնակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն: Շնորհակալ ենք ջերմ ընդունելութեան համար:

«Հայերն Այսօր»

Մեր կողմէ նշենք, որ Լոս Անճելըսի իրաքահայերու ընտանեկան միութեան հիմնադիր նախագահն է նախկին իրաքահայ վերջին տասնամեակներուն ամերիկաբնակ, Ռամկավար Ազատական մամուլի ընդհանարապէս եւ «Զարթօնք»ի երէց աշխատակից՝  ընկեր Խաչիկ Ճանոյեանը:
«Խմբ.»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին