Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Օսմանեան Թուրքիոյ Առաջին Կին Բժիշկը` Զարուհի Քաւալճեան

Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալճեանը, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝ վկայակոչելով   թրքական «Akyazı.net» լրատուակայքը:

Զարուհի Քաւալճեան ծնած է Թուրքիոյ Ատափազար քաղաքին մէջ` 1877-ին: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալճեան, 1875-ին աւարտած էր Պոսթընի բժշկական համալսարանը եւ Ատափազարի ու Իզմիթի մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ բժիշկ:

Զարուհին 1898-ին կ’աւարտէ Ատափազարի Ամերիկեան իգական գոլէճը եւ նոյն թուականին կը մեկնի Ամերիկա, քանի որ Օսմանեան պետութեան մէջ կանանց արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել:

Շիքակոյի մէջ Քաւալճեան կ՛ընդունուի եւ 1903-ին կ՛աւարտէ Իլինոյսի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը, այնուհետեւ կը վերադառնայ Ատափազար եւ որոշ ժամանակ հօր հետ կ’աշխատի իբրեւ բժիշկ: Միաժամանակ նա նաեւ Ամերիկեան գոլէճին մէջ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալճեան աշխուժօրէն կը մասնակցի վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ կը տեղափոխուի Պոլիս:

Բացի բժշկութենէն Զարուհին զուգահեռաբար կը շարունակէ դասաւանդել Սկիւտարի Ամերիկեան իգական գոլէճին մէջ, ուր յայտնի կը դառնայ   Դոկտոր Քաւալ անուամբ:

Օսմանեան Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը` Զարուհի Քաւալճեան, մահացած է 1969-ին եւ ամփոփուած Ֆերիքէոյի հայկական բողոքական գերեզմանատան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին