Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ սկիզբ առած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան, որ կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
Երեք շաբթուան ընթացքին՝ բեմադրիչը ուսանողներու հետ պիտի նկարահանէ երեք ֆիլմ: Առաջին շաբթուան ընթացքին՝ ուսանողները ծանօթացած են շարժանկարի եւ սարքաւորման (montage) հիմունքներուն, ընտրած ֆիլմի հերոսները, կազմած սենարական ծրագիր: Երկրորդ շաբաթը սկսած են ֆիլմերու հիմնական նկարահանումները:
«Երեխաները աւելի լաւ պատրաստուած էին նկարահանման, քան այն ինչ որ ես կը պատկերացնէի: Ես կը սպասէի դասընթացքին լաւ ընթանալուն, բայց սպասելիքներս աւելին էին. թէ՛ այն խումբը, որ կը կատարէ հիմնական նկարահանումները, եւ թէ՛, ընդհանրապէս, ողջ դասընթացքի մասնակիցները կը տիրապետեն իրենց աշխատանքին»,- աւելցուցած է Ջիւան Աւետիսեան` նշելով յատկապէս գործող խումբի արագընթաց աշխատիլը:
Ընդգծենք նաեւ, որ առաջին ֆիլմին հերոսը Ստեփանակերտի մէջ գործող «Նռենի» խանութի հիմնադիր Արմոնտ Թահմազեանն է: Ան Արցախ տեղափոխուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն: Իր խօսքին մէջ, վերջինս, նշած է որ ինքը պարտական է իր ընտանեկան դաստիարակութեան. անոնք իր մէջ սէր յառաջացուցած են դէպի հայրենքիը, յատկապէս հայրենիքի մէջ ապրելու եւ զայն շէնցնելու գաղափարը: Արմոնտ կը կարծէ, որ Արցախի մէջ գործելու լայն ասպարէզ կայ:
Անդրադառնալով ֆիլմի նկարահանումներուն` Արմոնտ նաեւ ըսած է, որ ինքը թերահաւատօրէն չի մօտենար երեխաներու աշխատանքին, քանի որ համոզուած է, որ նոր սերունդը բաւական զարգացած է: «Ուրախ եմ խումբի հետ համագործակցելուս համար: Ջիւանը բաւական արհեստավարժ լաւ աշխատող է: Ես ալ կ’ոգեւորուիմ անոնց աշխատանքէն»,- եզրափակած է իր խօսքը՝ ֆիլմին հերոսը:
«ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի ուսանողները այս շաբաթ պիտի շարունակեն միւս ֆիլմերու նկարահանումները: Իսկ արդէն յաջորդ շաբաթ պիտի անցնին սարքաւորման աշխատանքներուն: Արդիւնքները պիտի ցուցադրուին աշխատարանի վերջը կայանալիք ներկայացման ժամանակ: