Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին. ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Ինչպէս նշած էինք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս պարգեւատրեց կրթական եւ հասարակական ոլորտի լիբանանահայ գործիչներ: Պարգեւատրումին ներկայ էին, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Պարգեւատրուողներուն շարքին էր (որոնց մասին յաջորդաբար կ՛անդրադառնանք) լիբանանահայ գործարար, ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՀԲԸՄ Ասպետներու Վարչութեան ատենապետ Տիար Արթիւր Գունտաքճեանը, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար, որպէս  Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆինանսատնտեսական հարցերով օգնական եւ գործունեայ համայնքային գործիչ՝  ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկեայ Մետալ»-ը:

Այս առիթով «Զարթօնք» իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ թերթիս բարեկամ Տիար Արթիւր Գունտաքճեանին մաղթելով արեւշատութիւն եւ յարատեւ կորով իր ազգանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին