29 Յունիս 2017-ին, «Քատոկան Հոլ» հանրայայտ համերգասրահին մէջ` «Լոնտոնի Ֆենիքս» նուագախումբին նուագակցութեամբ, մենահամերգով հանդէս եկաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, տաղանդաշատ հայ ջութակահարուհի Անի Բատիկեան: Համերգին թեման էր «Արեւելեան Եւրոպայի արուեստը եւ ազգային երաժշտութիւնը», իսկ երեկոն համալրուած էր այնպիսի ստեղծագործութիւններով, որոնք նպատակ ունէին պատկերելու ազգային պարերէն եւ արուեստէն ոգեշնչուած երաժշտահաններու աշխատանքները:
Համերգին ծրագիրը կը ներառէր լեհ երաժշտահան` Վիթոլտ Լիւդոսլաւքիի «Փոքր Սիւիթ»-ը, որուն հիմքը հարաւային Լեհաստանի պարային մեղեդիներն են, այնուհետեւ Արամ Խաչատրեանի քոնսերթը` ջութակի եւ նուագախումբի համար, որուն մէջ առկայ են հայկական ազգային մեղեդիներու տարրեր, ինչպէս նաեւ Մուսորկսքիի «Գեղանկարները ցուցահանդէսին մէջ» գործը` Ռաւելի փոխադրումով:
Համերգին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Անի Բատիկեանի ամուսինի՝ երաժշտահան Ռոլանտ Ռապըրթսի ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը, որուն ոգեշնչման աղբիւրն էր մեծանուն ծովանկարիչ Յովհանես Այվազովսկիի «Իններորդ ալիք» յայտնի նկարը: Անիկա նուիրուած էր գեղանկարիչի 200-ամեակին, որ այս տարի կը նշուի ողջ աշխարհի մէջ:
Բատիկեանի կողմէ Խաչատրեանի ջութակի քոնսերթին կատարումը տպաւորիչ էր եւ անթերի. անիկա ի ցոյց դրաւ Անիի անզուգական հմտութիւնները, հիասքանչ եւ խորունկ ջութակահարի կատարողական արուեստը՝ իր ողջ հմայքով: Համերգի ողջ ընթացքին, Անին կլանած էր հանդիսատեսի ուշադրութիւնը` զմայելով իր հիասքանչ կատարումով եւ Մոնտանեանա ջութակի քաղցր հնչիւններով, որ ի դէպ արժէ մօտ £900,000 ֆունտ սթերլինկ եւ տրամադրուած էր Ingles & Hayday, Sotheby-ի աճուրդի ջութակի մասնագէտներուն կողմէ: Ռոլանտ Ռապըրթսի ստեղծագործութիւնը, որ գրուած է ռուսական ռոմանթիկ ոճով եւ ունի հայկական տարրեր, գեղեցիկ կերպով մատուցեց Այվազովսկիի նկարին պատմութիւնը` հանդիսատեսը տանելով ճամբորդութեան մը, ուր հանդարտ ալիքները կը վերածուէին փոթորիկի եւ նաւաստիները կը բախուէին հարուածող ալիքներուն:
Սիմֆոնիկ նուագախումբը ազդեցիկ կերպով ներկայացուց գործին գունեղ երանգները եւ ջութակի արտայայտիչ գեղեցկութիւնը: Այվազովսկիի ամենայայտնի գեղանկարը այժմ ունի իրեն նուիրուած երաժշտական ստեղծագործութիւն: Հանդիսատեսը գերագոյն հաճոյք ստացաւ` ունկնդրելով այս ստեղծագործութիւնը, իսկ երաժշտահանը իր գործի կատարման աւարտին, բեմ բարձրացաւ` միանալով իր տիկնոջ:
1924-ին հիմնուած «Լոնտոնի Ֆենիքս» նուագախումբը՝ հմտութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ելոյթ ունեցաւ խմբավար Փարիկեանի ղեկավարութեամբ: Ձեռնարկի համակազմակերպիչն ու հովանաւորն էր Լոնտոնի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը: