ՀՀ Նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, երէկ, պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ, մասնակցած է «Դիտակէտ», «Պատիւ ունիմ» եւ «Ես եմ» ծրագրերու հանրային քննարկումներու ամփոփման:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարները, հանրային քննարկումները իրականացնողները, ՊՆ «Վ. Սարգսեան»-ի անուան ռազմական համալսարանի ուսանողները, քննարկման հրաւիրուած շարք մը համալսարաններու ուսանողներ եւ զօրամասերու հրամանատարներ մտքեր փոխանակած են հանրային քննարկումներու արդիւնքներուն շուրջ, իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցած: Զեկուցուած են նաեւ Հայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքին իրականացած այդ քննարկումներու ժամանակ հանրութեան տարբեր շերտերէն` մտաւորականներէն, ազատամարտիկներէն, գործարարներէն, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն, երիտասարդներէն, հասարակական կազմակերպութիւններէն եղած գնահատականները, դիտողութիւններն ու առաջարկները:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է քննարկման բոլոր մասնակիցներուն եւ ընդգծած, որ ներկայացուած ծրագրերն ու անոնց հանրային քննարկումներուն ընթացքը կու գան ապացուցելու, որ հետեւողականօրէն կ’իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զարգացման եւ ամրապնդման քաղաքականութիւնը:
«Դիտակէտ», «Պատիւ ունիմ», «ես եմ» ծրագրերը, նախագահի համոզումով, կոչուած են ստեղծագործաբար լուծելու առկայ խնդիրները, որոնք նոր ի յայտ չեն եկած, սակայն նոր եւ տեղին են առաջարկուող լուծումներուն մեծ մասը:
Հանդիպման աւարտին՝ Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ հասարակութեան տարբեր շերտերէն եղած կարծիքներուն եւ գնահատականներուն մէջ կը գերակշռէ դրական մօտեցումը: Անոնց մասին կը վկայեն նաեւ հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան նպատակով «Այ-փի-էս-սի» քաղաքական եւ հասարակական խորհրդատւութիւններու ուսումնարանին կողմէ իրականացուած հասարակական հարցումները եւ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի իրականացուցած քննարկումները:
Հանդիպման աւարտին նախագահը յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարներուն, որոնք միտուած են շարունակելու հնչած ծրագրերուն հետ կապուած աշխատանքները` հաշուի առնելով հանրային քննարկումներուն արդիւնքները: Յանձնարարականներուն համաձայն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամբողջութեամբ պիտի ամփոփէ իրականացուած քննարկումներուն արդիւնքները, ի մի պիտի բերէ ներկայացուած առաջարկներն ու դիտողութիւնները եւ պիտի սկսի անհրաժեշտ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու նախապատրաստման ու շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններու հետ անոնց համաձայնեցման ուղղութեամբ աշխատանքները: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ՝ պիտի մշակէ կառավարութեան որոշման նախագիծ` «Պատիւ ունիմ» ծրագիրին փորձնական փուլի կազմակերպման վերաբերեալ:
Նախագահը ընդգծած է, որ ոչ ոք կը պնդէ, թէ ներկայացուած ծրագրերը կատարեալ են, եւ անոնց բոլոր մանրուքները հաշուի առնուած են, սակայն, հանրային լայն քննարկումներու առաջարկները, անոր համոզումով, աւելի պիտի բարելաւեն այդ ծրագրերը, իսկ գործնականօրէն փորձարկելէ ետք՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ խօսիլ վերջնական եզրակացութեան մասին: