Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին. ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Ինչպէս նշած էինք, Լիբանան իր այցելութեան վերջին օրը՝ Ուրբաթ 14 Յուլիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրեց կրթական եւ հասարակական ոլորտի լիբանանահայ գործիչներ: Պարգեւատրումին ներկայ էին, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Պարգեւատրուողներուն շարքին էր (որոնց մասին յաջորդաբար կ՛անդրադառնանք) լիբանանահայ գործարար եւ բարերար Տիար Հրայր Տանձիկեան, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար, որպէս  բարերար, գործունէայ ազգային, համայնքային, հասարակական գործիչ, եւ մշտապէս աջակցող Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ձեռնարկներուն՝ ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկեայ Մետալ»-ը:

Այս առիթով «Զարթօնք» իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ թերթիս բարեկամ Տիար Հրայր Տանձիկեանին մաղթելով արեւշատութիւն եւ յարատեւ կորով իր ազգանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին