Ֆրանսայի ազգային տօնի առթիւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Ֆրանսան հայ ժողովուրդի համար հոգեհարազատ երկիր է, իսկ Հայաստանի համար վստահելի ու լաւ գործընկեր: Նախագահը հաւաստիացուցած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր ջանքերը, երկկողմ յարաբերութիւնները ու երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը շարունակաբար ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Նախագահը եւ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարփանթիէն քննարկած են հայ-ֆրանսական բազմաբնոյթ կապերը եւ կարեւորած սերտ փոխգործակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուելիք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին:
«Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դարերու խորքէն եկող բարեկամութիւնը եւ այսօր մեր պետութիւններու միջեւ առկայ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնն ու փոխվստահութիւնը կայուն հիմք են հայ-ֆրանսական փոխգործակցութեան յետագայ համակողմանի զարգացման եւ խորացման համար:
«Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը համարէ Ֆրանսայի` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին գործադրուող ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի` ի նպաստ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան:
«Բարձր կը գնահատեմ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի` եւրոպական ընտանիքին մերձեցման, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ, ինչպէս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս մեր երկիրներու միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը»,- ըսուած է Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ: