1 Յուլիս 2017-ին Հայ Աւետարանական Գոլէճը տօնական տրամադրութեամբ հայ ազգին ու Լիբանանին պարգեւեց իր 89-րդ հունձքը: Ի՜նչ հպարտութիւն թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ ծնողաց, տեսնել իրենց սիրասունները, որոնք հասակ առած ու հոգիով եւ մտքով զարգացած կը պատրաստուին իրենց կեանքի երկրորդ կարեւոր փուլին:
Ժամը 8-ին, կրթական եւ հոգեւոր պատասխանատուներու, ծնողաց եւ հիւրերու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ, Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ շրջափակ հանդիսաւոր մուտք գործեցին երկրորդականի 9 շրջանաւարտներն ու նախակրթարանի 7 ընթացաւարտներն ու դպրոցի ուսուցչական կազմը, տնօրէնն ու փոխ-տնօրէնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգեւոր տեսուչը եւ բանախօսը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրումէն ետք Աստուածաշունչէն յաւուր պատշաճի ընթերցում կատարեց եւ աղօթք մատուցեց Գոլէճի հոգեւոր տեսուչ Տիկ. Կարինէ Չոլաքեան: Օրուան բանախօս Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան դրուատանքով արտայայտուեցաւ Գոլէճին մասին եւ շնորհաւորեց Դոկտ. Մսըրլեանի տնօրէնութեան յիսնամեակը: Ապա, աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ան շեշտեց թէ ուժը ժխտական վիճակ կը ներկայացնէ եթէ բռնութեամբ կիրարկուի, նոյնն ալ գիտութիւնը՝ եթէ իմաստութեամբ չօգտագործուի: Հայ Աւետ. Գոլէճի ջամբած դաստիարակութիւնը կ’օգնէ երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանել կարենալուն մէջ, որովհետեւ այդ դաստիարակութիւնը, նշեց վերապատուելին, հիմնուած է իմաստութեան սկզբնաւորութեան՝ Աստուծոյ վախին վրայ, որ կ’օգնէ ընտրելու բարին եւ յաղթահարելու անհաւասարակշռութիւնը, թուլութիւնը, որ կորուստի կ’առաջնորդէ:
Մրցանակաբաշխութենէն եւ վկայականներու տուչութենէն ետք հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան շրջանաւարտներուն ըսաւ, թէ ժամանակի յառաջացումը եւ դէպքերու զարգացումը պէտք չէ իրենց գլխապտոյտ պատճառեն, քանի որ իրենք օժտուած են ՀԱԳ-ի ջամբած հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեամբ: Անոնցմով եւ Աստուծմէ իրենց տրուած շնորհքներով զինուած՝ շրջանաւարտները պարտին ճշդել իրապաշտ նպատակակէտեր, որպէսզի կարենան յաղթահարել անխուսափելի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Կեանքի նպատակները իրականացնելու համար, նշեց տնօրէնը, հաւատքին ու կամքին պէտք է միանայ անշահախնդիր ու սիրով եւ նուիրումով իրականացող գործը: Ապա տնօրէնը կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ ըլլան միշտ կառուցողական եւ համեստ, ու իրենց ստացած ազգային դատիարակութեամբ, իրենց հերթին շէն պահեն հայ ընտանիքը եւ հայ դպրոցը, որոնք մեր գոյատեւման գրաւականներն են:
Յանուն շրջանաւարտներուն ուղերձ կարդացին Լոռի Եունիսէս (հայերէն) եւ Ճեսիքա Թերզեան (արաբերէն), յայտնելով իրենց երախտիքը դպրոցին եւ արտայայտելով բարձունքներ նուաճելու իրենց կամքը:
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան Օրդ. Մաքրուհի Ունճեան (ՀԱԳ-ի «Երկարամեայ ծառայութեան» շքանշանով) եւ Օրդ. Յասմիկ Թորոսեան (Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» շքանշանով):
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցան 6-րդ դասարանի աշակերտները արտասանելով մեր մայրենիին նուիրուած բանաստեղծութիւններու փունջ մը (ուսուցչուհի՝ Տիկ. Անի Աղպաշեան), իսկ դպրոցի աշակերտներէն կազմուած խումբ մը երգեց Կոմիտասի «Անձրեւ եկաւ» եւ Ալ. Հեքիմեանի «Հայոց Տառեր» երգերը (խմբավար՝ Տիկ. Նեկտար Փալազեան): Շրջանաւարտներ Քրիսթին Մա’ամարպաշի (դաշնամուր) եւ Լոռի Եունիսէս (ջութակ) ելոյթ ունեցան զուգանուագով:
Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցիի հովիւ Վեր. Հրայր Չոլաքեան, փակման եւ շնորհակալութեան խօսքէ ետք, բեմ հրաւիրեց դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պր. Ներսէս Պաղտոյեանը, որ յայտարարեց թէ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կը հռչակուի Պատուակալ տնօրէն եւ կը շարունակէ մաս կազմել ՀԱԳ-ի ընտանիքին, ստանձնելով զանազան պարտաւորութիւններ: Պաղտոյեան յայտնեց թէ յառաջիկայ տարեշրջանէն ետք տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ իր հերթին արտասանեց շնորհակալութեան եւ յանձնառութեան կարճ խօսք մը:
Վեր. Չոլաքեանի օրհնութեան աղօթքով աւարտեցաւ հանդիսութիւնը:
Հիւրասիրութեան ընթացքին դպրոցի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը յուշանուէր մը յանձնեց Դոկտ. Մսըրլեանին, իսկ հոգաբարձութիւնն ալ իր հերթին մետալներով կամ գնահատագրերով պատուեց նոյն Մարմինին տիկինները, որոնք սիրայօժար ծառայած են դպրոցին, ոմանք աւելի քան 20 տարի:
6-րդ դասարանէն ընթացաւարտ եղան Լոռի Գալուստեան, Յակոբ Գալուստեան, Եուսէֆ Եունէս, Քարիմ Եունէս, Էնտրու Նազարեան, Գէորգ Պասթաճեան (բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ) եւ Թաթիանա Ֆայսալ:
12-րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղան Կասիա Գազանճեան, Դալար Գազէզեան, Մարիանա Գարակիւլլէեան, Կարինէ Գիւլխանճեան, Կարինէ Եղիայեան, Լոռի Եունիսէս, Ճեսիքա Թերզեան, Օմար Խաթիպ եւ Քրիսթին Մա’ամարպաշի: