«Երեւանեան ամառ 2017» ծրագրի ծիրէն ներս Յուլիս 15-ին` ժամը 19:00-ին, Կարապի լիճի տարածքին տեղի ունեցաւ ձմերուկի հինգերորդ փառատօնը:
Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնեցին, որ փառատօնի հիւրերուն եւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած էր հաճելի ու հետաքրքրական ժամանց. ձմերուկային երթ, մրցոյթներ, ձմերուկներու գեղարուեստական ձեւաւորում եւ անշուշտ` ձմերուկի հիւրասիրութիւն ու համտեսում: Մրցոյթներու յաղթողները ստացան մրցանակներ: Իսկ փառատօնը եզրափակուեցաւ համերգային ծրագիրով հայկական հանրաճանաչ երաժշտական խումբերու մասնակցութեամբ: