Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Լիբանան իր այցելութեան վերջին օրը՝ Ուրբաթ 14 Յուլիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրեց կրթական եւ հասարակական ոլորտի լիբանանահայ գործիչներ: Պարգեւատրումին ներկայ էին, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Պարգեւատրուողներուն շարքին (որոնց մասին պիտի անդրադարնանք մեր յաջորդ թիւերուն մէջ) էր ընկ. Գրիգոր Նազարեան, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկեայ Մետալ»-ը:

Այս առիթով մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք ընկ. Նազարեանին մաղթելով արեւշատութիւն եւ յարատեւ կորով իր ազգանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին