*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Յիշեցի…մէկ գրութիւնս.-ՅՈՅՍԸ..ուրեմն՝ տակաւին «բան մը» կայ, եւ այդ «բան»ը կապն է դարերէն եկող արեան կապը – կապոյտ երկինքը, ըսենք, որ ան ալ կ՛ամպոտի ու կը ծածկէ իր հարազատութիւնը – եւ հոն է որ միտքի աչքով պիտի տեսնենք կապոյտը՝ արեւաշող: Ու կ՛երգենք, չեմ գիտեր որքա՛ն հաւատքով, ի՜նչ երգեր, Աստուած իմ, «Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ հասնինք Սասուն»..Մի՞թէ սա յոյսի արդիւնք չէ, ո՛չ միայն այդքան, ալ հաւատքի՛ ալ. հոս կը ներգործէ անձի հոգեմտածողութիւնը, տեսլականը, աւելի քան այլ բան:
Բայց երբ թռիչքները իրենց թեւերը փակեն, կը մնայ չոր իրականութիւնը որ կ՛ապրինք, ու Սահեանի նման կ՛ըսենք .- «Թող Աստուած եղածը պահի»…
Ինչքան հարցեր կան տակաւին Հայաստան ըսուած լեռնաշխարհի վերեւ, եւ ոչ միայն, այլ՝ ներքեւ, խորքը եւս:
Անկախութիւ՜ն, դեմոկրատիա, խօսքի ազատութիւն, անհատի իրաւունք եւ այլն, եւ այլն..եւ այնքան առատ են լուծուելիք նիւթերը (զանց կ՛առնեմ թուել) քանզի ուրկէ ու՜ր յանկարծ նիւթ մը կը ծագի եւ ալ «տուր որ կու տաս» հազար ու մէկ մեկնաբանութիւններ կը տեղան, առաջարկներ, լուծումներ, բաղդատականներ, «զո՞րն ասեմ որ խոստովանիմ::
Վերջին լուր…«Հայկական Դրամի 25ամեակի առաջ..»նոր թղթադրամներու պատկերները…
Չարենցի փոխարէն՝ Սեւակ, Թումանեանի փոխարէն՝ Ուիլիըմ Սարոյեան..եւ այլն.. իսկ ամէնէն խոցելին՝ հետեւեալ միտքն է «ԱՐԺԷ՞ ԾՈՎԱՆԿԱՐՉԻ, ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳՐՈՂԻ, ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՇԱԽՄԱՏԻՍՏԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԶԵՏԵՂԵԼ ԴՐԱՄԻ ՎՐԱՅ»..
Ուրեմն, ո՛չ Ծովանկարիչը, ո՛չ Ամերիկացին, եւ ո՛չ իսկ Սովետական Շախմատիստը ՀԱՅ չեն:
Տէր ողորմեա՛…
Բայց ո՞վ իրաւունք կ՛ունենայ սահմանելու հայը: Անհա՞տ մը, Գ.Էմին .-«Շուն շան որդի հայ»..
Ի՜նչ հերոսութիւն…Զ .Մելքոնեան .-«Հայը ան է, որուն զաւակը հայ է»..վերջապէս ո՞վ…Կուսակցութիւ՞ն մը, թերթի մը խմբագրական կա՞զմը, Գաղափարական հաւատա՞մքը, Արիւ՞նը, ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒ՞ՆԸ…
Հոս, կը համրանամ:
Գուցէ …օր մը հասնինք ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՈՐ ԸԼԼԱՅ ԲՈԼՈՐԻՆ ԿՈՂՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ:
ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ՞ ԵՆՔ.. ոչ, բացարձակապէս ՈՉ…
Հայ Հանճարը կը գտնէ Ճարը..
Քանզի . Կարաւանը կը քալէ եւ ՅՈՅՍՆ ալ ՄԻԱՍԻՆ…