Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

«Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ՝ հինգշաբթի, 13 յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները՝ յայտարարութիւն մը բանաձեւելով։

Վերջին օրուան առաջին նիստին նիւթն էր «Ո՞վ է սփիւռքի հայը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ (Ինքնութեան պահպանո՞ւմ, վերանորոգո՞ւմ, նոր հասկացողութի՞ւն, նոր մօտեցո՞ւմ)», անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Շիրազ Ճէրէճեան, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ դոկտ. Նանոր Խաչերեան։

Շիրազ Ճէրէճեան օրինակներու վրայ հիմնուելով լուսարձակի տակ առաւ անհատ մը հայ նկատել-չնկատելու մեծ հարցականը՝ դիտել տալով, որ ներկայիս պէտք է առաւել քան երբեք կապուիլ մշակոյթին, չբաւարարուիլ միայն հայ զգալով, այլ ամրագրել հայ ըլլալու տուեալները, աւելի հայ մնալ ու նուազ ձուլուիլ։ Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հայկականութիւնը պահելէ անդին անցնիլն ու զայն նոր սերունդներուն փոխանցելը, այլապէս շարունակականութիւնը կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել։ Շիրազ Ճէրէճեան ինքնութեան պահպանումը դժուար ու զոհողութիւն պահանջող գործընթաց նկատելով՝ հաստատեց, որ, հակառակ ասոր, պէտք է յանձնառու մնալ մեր արմատներուն՝ համակերպելով սփիւռքեան տարբեր իրավիճակներու, սակայն միշտ պահպանելով հայկականը։ Զեկուցաբերը կարեւոր նկատեց չտարուիլ զգացական զեղումներով, այլ ունենալ քննական միտք եւ առարկայական մօտեցում, չբաւարարուիլ զգալով, այլ գործել, մտածել, առողջ քննարկում կատարել, յանձնառու մնալ հայկականութեան, Հայաստանն ու Արցախը ամէնօրեայ կեանքին մէկ բաժինը նկատել, երբեք չմոռնալ Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, մեր հողերուն վերատիրանալու ձգտումը միշտ վառ պահել, որքան ալ երազային նկատուի այդ մէկը։

Դոկտ. Նանոր Խաչերեան դիտել տուաւ, որ, թէեւ սովորութիւն դարձած է սփիւռքահայերը բաժնել զանազան խմբաւորումներու, սակայն խորքին մէջ սփիւռքեան իրականութիւնը այնպէս է, որ իւրաքանչիւրը ունի իր կեանքի ընկալման ձեւը, հայրենիքի նկատմամբ մօտեցումը, ազգային նկարագիրին վերաբերող դրսեւորումը։ Դոկտորական իր թէզին վրայ հիմնուելով հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայերու փորձառութիւններէն, գաղափարներէն եւ մտածումներէն օրինակներ տալով՝ զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ հիմնական քանի մը ուղղութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ սփիւռքահայերը ինչպէ՛ս կը մօտենան հայրենիքին եւ հայկական իրականութեան։ Այդ ուղղութիւններուն առաջինը ինքնահաստատման խնդիրներն են, ինքնութեան փնտռտուքը եւ սփիւռքեան քիչ մը անորոշ ու տարբեր ըլլալու վիճակէն աւելի կայուն խարիսխ ունենալու ձգտումը, երկրորդը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման խնդիրն է, հին ու նոր սերունդներու միջեւ կամրջումը, այն երեւոյթը, որ ներկայ սերունդը ինքզինք օղակ կը նկատէ, կը կարծէ, թէ հայկականութեան պահպանման պայքարը կարելի է շարունակել սփիւռքի մէջ, իսկ ուրիշներ առաջնահերթ կը նկատեն Հայաստան հաստատուիլը։ Երրորդ ուղղութիւնը հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի ամրապնդման նպաստելուն կը վերաբերի, երբ սփիւռքահայեր ունին այն մօտեցումը, որ հայրենիքը իբրեւ տարածք իրենց ներդրումին կարիքն ունի, չորրորդը մարդակերտման եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման խնդիրն է, ուր իբրեւ մարդ գոյատեւելն ու գործելը առաջնահերթ է, իսկ հայրենիքի մէջ ըլլալը պէտք է այդ մարդկային տուեալները ապահովէ, հինգերորդ եւ վերջին ուղղութիւնը աշխարհաքաղաքացիութիւն եւ համայն աշխարհի բարօրութեան կը վերաբերի, այս գաղափարին կողմնակիցները կը հաւատան, որ իրենք ինքնութեան սահմանափակում չունին, այլ աշխարհաքաղաքացի են, յստակ տուն չունին, այլ բոլոր երկիրներն ալ բնակարան են, այնքան ատեն որ իրենք կրնան ներդրում ունենալ անոնց զարգացման մէջ։ Ըստ Նանոր Խաչերեանի, սփիւռքի մէջ առկայ այս հակասական ուղղութիւնները, նոյնանալով հանդերձ տարբերուելու պարագան, փոխուելով հանդերձ կայուն մնալու մօտեցումը, բայց եւ այնպէս այս տարբեր ուղղութիւնները կրնան միասնաբար գոյութիւն ունենալ։ Ուստի, ըստ զեկուցաբերին, պէտք է մշակել քաղաքականութիւն մը, որպէսզի ճշդուին տարբեր առաջնահերթութիւններ ունեցող սփիւռքահայերուն ներուժը լաւագոյնս օգտագործելու հայանպաստ եւ հայաստանանպաստ ծրագիրներու իրականացման։

Երրորդ զեկուցաբերը՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան լուսարձակի տակ առաւ իր աշխատանքին բերումով միջազգային ասպարէզին մէջ միշտ ազգայինը փնտռելու հեւտքը եւ տարբեր տեսակի ու այլազան մօտեցումներու տէր հայերու հետ ունեցած հանդիպումներէն փոխանցուած պատգամները։  Ան հաստատեց, որ, հակառակ բազում մարտահրաւէրներուն ու հարցերուն, միշտ ալ դրական իրավիճակներ կան, սակայն կայ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքին ձգած անդառնալի ազդեցութիւնը, որ կարգ մը գաղութներու պարագային կործանարար է։ Ըստ դոկտ. Ճէպէճեանի, նախապէս ինքնութեան պահպանումը աւելի դիւրին էր, որովհետեւ կեթոյական մօտեցումը առկայ էր, սակայն այս դարուս նման բան կարելի չէ, այդ պատճառով ալ սպառնալիքները մեծաթիւ են ու նորոգուող, բայց եւ այնպէս քաջալերական երեւոյթ նկատեց այն, որ ինքնութեան, մշակոյթի եւ պահանջատիրութեան գործօնները տակաւին տիրական են, եթէ մէկ կողմէ կայ լեզուի նահանջ, բացյ ինքնութեան կանչը տակաւին առկայ է։  

Զեկուցաբերը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մասին՝ լուսարձակի տառ առնելով այն, որ անոնք դրական գործօն կը նկատուին, սփիւռքահայը կը կապուի հարազատ հողին՝ իբրեւ արմատ։ Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունենալը կը նշանակէ մնայուն պայքար մղել, իսկ պայքարը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ձեւով ու զէնքերով կը մղուի, եւ բացառուած չէ, որ այդ ընթացքին զոհեր արձանագրուին։ Բայց եւ այնպէս, Հ. Ճէպէճեան հաստատեց, որ սփիւռքը հեռու է զէնքը վար դնելէ։ Իր խօսքը աւարտելով ան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը կէտ՝ հայկական սփիւռքը եւ սփիւռքահայը նոյնանման չեն, սփիւռքեան մարտահրաւէրները եւս միեւնոյնը չեն, պէտք է կառչիլ գաղութներու եւ անոնց ազգային ու մշակութային կեանքի շարունակականութեան պայքարին, Հայաստանը եւ սփիւռքը պէտք է կարեւոր մղիչ ուժ նկատել՝ միշտ կառչելով յոյսին։  

 

Օրուան Բ. նիստին դոկտ. Հրաչ Գույումճեան ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփեց հաւաքին ընթացքին արտայայտուած գաղափարները։ Գնահատելով հաւաքին նիւթերուն հարստութիւնը եւ մասնակիցներուն ներկայացումներուն ու գաղափարներու փոխանակման հարուստ որակը, ան հաստատեց, որ կարելի է հաւաքը նկատել խորհրդաժողով մը։ Ան ըսաւ, որ հաւաքին ուժաբանութիւնը հեռու էր վիպապաշտութենէ ու սիրողական մակարդակ, անոր հիմնական հարցադրումը կը դառնար հայուն եւ անոր ինքնութեան վրան, որ սակայն ժողովը չյանգեցաւ յստակ պատասխաններու, քանի որ ատիկա երկեակ չէ, հաստատեց ան։ Լուսարձակը տակ առնելով 21-րդ դարուն արհեստագիտական հնարաւորութիւնները, դոկտ. Գույումճեան նշեց, որ ներկայի սերունդը թուայնացած սերունդ է, եւ երիտասարդութեան ճամբով շատ բան կայ կատարելիք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան կամ գործակցութեան այս առնչութեամբ, իսկ Հայաստանն ու սփիւռքը իրար կապուած ու ամբողջացնողներ են, որուն հիման վրայ ան ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է հայերը իրենք զիրենք նային որպէս ցանց։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ գործակցութեան, ան կարեւոր նկատեց սփիւռքէն դէպի Հայաստան նորաձեւական եւ ստեղծագործական հնարաւորութիւններով ներդրումները, որոնք թափ կու տան միտքի եւ հետեւաբար կենցաղի բարգաւաճման։ Դոկտ. Գույումճեան դիտել տուաւ, որ թէկուզ բաւական քննադատումներ տեղի ունեցան եւ կ՚ունենան Հայաստանի պետական կամ քաղաքական մարմիններուն գործին, հարկ է նաեւ անոր նայիլ որպէս պատմութեան արդիւն, այսինքն Հայաստանի պարագան նոյնն է ինչ որ յետ համայնավարական երկիրներունը։ Բայց եւ այնպէս, նշեց ան, Հայաստան ունի իր Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ նախարարը, որ սփիւռքին հետ կը յարաբերի ոչ թէ ուղղահայեաց այլ հորիզոնական առաւելումով։

 

Հաւաքին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան։ Ան եւս գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ հնարաւորութիւն տուաւ տարբեր մօտեցումներով հասկնալ հայ ինքնութեան ներկան։ Նախարարը հիմնականօրէն կարեւոր նկատեց հետեւեալը.- «Ի՛նչ ծրագիրներ գտնենք հայը դէպի հայրենիք տանելու համար», մանաւանդ աշխարհատարած աւելի քան 800 համայնքներով ու անոնց մէջ ապրող բազմաշերտ մշակոյթներով օժտուած հայութեամբ, որոնք հակառակ տարբերութիւններուն, ունին ընդհանուր գիծեր, ինչպէս արմատ, ինքնագիտակցութիւն, հայրենիք, պատմութիւն, հայրենիքի հետ գիտակցական կապ։ Յակոբեան խօսեցաւ հայկական ինքնութեան զարգացման ու պահպանման ուղղութեամբ գործին մէջ երկու կարեւոր կէտերու մասին՝ երիտասարդներու միջոցով կատարուած զարգացումներուն եւ համայնքային կեանքէն հեռացած խումբերուն դէպի մեզի բերելը, յայտնելով, որ մենք պէտք ունինք նաեւ այս երկրորդ խումբին։ Ան ակնարկեց, որ հայոց պետականութիւնը հզօր է սփիւռքով, եւ այս առումով նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ այս տարուան Սեպտեմբեր ամսուան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը, որուն մասնակիցները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան հայական համայնքներուն մէջ աշխուժ երիտասարդներ, յայտարարեց ան, աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններ եւ սփիւռքի նախարարութեան կազմուելէն ետք Հայաստան ալ աւելի կը ծանօթանայ սփիւռքին եւ անոր էութեան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին Հայաստանի հետ մշակած կապերուն, նախարարը ըսաւ, որ ամէն բանէ վեր պէտք չէ կորսնցնել հայրենիքին հետ զգացացողութիւնը, այսինքն հայ զգալ եւ հայրենիքին հետ գիտակցական կապ հաստատել։ Հայ ինքնութեան ամրապնդման շեշտադրումներ նկատեց պահանջատիրութիւնը, Արցախի հզօրացումը, հայրենիքի հզօրացումն ու անոր արդար ու օրինակելի դարձնելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ իտէալներ ստեղծելու կարեւորութիւնը։ Քաղաքական ինքնութեան առումով, նախարարը յայտնեց, որ հայ է ան որ ինքզինք հայ կը զգայ, ունի հայկական արմատներուն կառչածութիւն եւ պատրաստ է աշխատելու եւ գործակցելու այդ ուղղութեամբ։

 

Եռօրեայ հաւաքին փակումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Ան յայտնեց, որ հաւաքը հաւաքական ճիգ մըն էր եւ գործընթացի մը սկիզբը, որուն նպատակը եզրափակումներ ունենալ չէ, այլ միասին մտածելու, տագնապելու եւ ապագային նայելու։ Կաթողիկոսը գնահատեց հաւաքին որակը, ցուցաբերուած լրջութիւնը եւ մասնակիցներուն մօտ յանձնառութիւնը։ Հաւաքը ինքնաքննարկումի հրաւէր մըն է ու ճիշդ է, որ տեղի ունեցած զեկոյցներուն եւ զրոյցներուն իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցաւ անհանգստութիւն, իր դրական իմաստով, ըսաւ ու շարունակեց, որ այս անհանգստութիւնը յառաջ կը բերէ արթնութիւն եւ ինքնաքննութիւն։ Հաւաքը կատարեց հարցադրումներ, որ առաջին հերթին մէջտեղ եկաւ սփիւռքի ինքնութեան համահայկական խնդիր ըլլալու շեշտը, ընդգծեց ան, այսինքն սփութի հայութեան ինքնութիւնը միայն սփիւռքին խնդիրը չէ, այլ հայ ազգին առաջնահերթ հարցերէն մէկն է։ Վեհափառը նշեց, որ սփիւռքը իր հարցերուն չի կրնար մօտենալ ինքնանպատակ ձեւով եւ Հայաստանը անջատելով անկէ, քանի որ վեջինս ալ իր կարեւոր ներդրումը ունի ասոր մէջ։ Հարկ է գիտնալ ինչ տալ իրարու եւ ինչ ստանալ իրարմէ ըսաւ կաթողիկոս երբ անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն մասին։ Սփիւռքի հզօրացումը կ՚ենթադրէ մեր կառոյցներուն վերաշխուժացում, որպէսզի մեր մօտեցումները չածխանան, ընդգծեց կաթողիկոս ու կարեւորեց հայ երիտասարդին դերը ասոր մէջ։ Այս առնչութեամբ, կաթողիկոսը յայտարարեց, որ կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքը սփիւռքի գաղութներուն մէջ թեմական մակարդակի վրայ պիտի կազմակերպէ նոյն թեմայով համագումարներ, ինչպէս որ տարի մը առաջ բաժանմունքը կատարած էր երիտասարդութեան եւ համացանցին օգտագործման ու առցանց ըլլալուն կարեւորութեան մասին։ Եզրափակելով, կաթողիկոս ըսաւ, որ ինքնութեան հարցը բազմերես է ու բարդ եւ սեմինարի ճամբով կարելի չէ հարցեր լուծել. հարկ է շարունակել հաւաքական ճիգեր հասկնալու համար այս բարդութիւնը, քանի որ վերէն հրամայելով ոչ մէկ բան կը փոխուի։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին