Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Նախագահը Աշխատանքային Այցով Մեկնած է Տաւուշի Մարզ. Այցելած է Մարտական Դիրքերէն Մէկը

Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ  առաւօտեան աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:

Նախագահը այցելած է հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը` շրջայց կատարած մարտական յենակէտի մէջ եւ ծանօթացած է ծառայութեան ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստականութեան վիճակին: Հանրապետութեան նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, մաղթած անոնց յաջողութիւն, բարի ծառայութիւն եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը մեծապէս կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կրնայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը:

Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մշտական տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, ուր ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներէն մէկը: Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք Հանրապետութեան նախագահը շրջայց կատարած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմի հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներուն ու հրամանատարներուն հետ:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ նախագահը հարցազրոյց տուած է «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան «Ռէւոլիւցիա» հաղորդաշարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին