Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Հալէպահայութիւնը Պատերազմին Աւերը Կը Դիմագրաւէ Վերականգնումով

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*

Հայ պատմագիտութեան անբաժան մէկ մասն է սուրիահայ տարեգրութիւնը, որ կ’ամփոփէ վերջին դարաշրջանի հայ ժողովուրդի ողբերգական տխուր եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները։

Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ սուրիական հողը կը յիշուի իբրեւ հայութեան վերընձիւղման խորհրդանիշ։ Հոն կը յառնէր անհայրենիք մնացած սերունդ մը ամբողջ։ Հոն, ուր Առաքեալներու ոտնահետքերով սրբացած հողին վրայ, հրաշքով յարութիւն կ՝առնէին եղեռնէն ճողոպրած հայու բեկորներ։

Հող մը, որ կը խորհրդանշէ հայութեան հարիւրամեայ հոգեկան անցեալ մը ամբողջ, իր վիշտերով ու տենչանքներով, իր յոյզերով ու երազներով։

Սուրիական հողին հանդէպ սէրն ու կապուածութիւնը կու գան մեր անցեալէն։ Սէր մը, որ անցեալին կը պատկանի, կ՝ապրի մեր հետ ու երբեք չի խամրիր։ Սէր մը, որ փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ՝ դառնալու հայելին երախտապարտ ժողովուրդի մը անպարփակ հոգեբանութեան։

Յաճախ կը յիշուի, թէ ազգերու, ժողովուրդներու կեանքին մէջ, պատմութիւնը կը կրկնուի։ Ճիշդ է։ Պատմութեան տարբեր դարաշրջաններուն, պատմական շրջադարձային երեւոյթներ կու գան քաղաքական աշխարհագրական նոր հիմքերու վրայ ձեւաւորելու աշխարհի քարտէսը։ Գերհզօր ուժերու պայքարը կը սկսի հայրենիքներ ոչնչացնելով, նոր երկիրներ ու հողատարածքներ գրաւելով։ Ամէն դարաշրջան ունի իր իւրայատուկ դիմագիծը։ Եթէ 20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակը սկսաւ հայոց սպանդով, համաշխարհային առաջին պատերազմով, ուստի՝ 21-րդ դարը տարբեր չէր կրնար ըլլալ, պիտի կրկնուէր մեծ պետութիւններու որդեգրած ուղեգիծը քաղաքական շահեր ապահովելու համար։ Այս անգամ սկսաւ սուրիական պատերազմով։

Սուրիոյ պատերազմի վերջին տարիներու խառնակ իրավիճակը կու գար հարցականի տակ դնելու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս՝ Սփիւռքի ապագան։ Մեծ թիւով հայեր գաղթեցին ապահով երդիքներ գտնելու աշխարհի տարբեր ծայրամասերու մէջ, ուրիշներ բախտը ունեցան հաստատուելու հայրենի հողին վրայ։ Տագնապի ամէնէն ահաւոր ու բռնկուն դէպքերուն ժամանակ լրատուական հաղորդումներէն դատելով՝ Սփիւռքի ապագայով մտահոգուող հայեր մեծ հարցականով մը կը մօտենան տիրող իրավիճակին։ Դրական ու ժխտական մօտեցումներ հրապարակ կը նետուին տարբեր տեսանկիւններէն դիտուած։ Ի վերջոյ, ամէն մարդ իրադրութիւնը կրնայ ընկալել դատելու իր կարողութեամբ եւ իր չափանիշներով։

Սակայն, կարեւորը պատերազմի արհաւիրքին մէջ կենսապայքար մղող մարդոց դատողութիւնն է։ Անոնք, որոնք կը տեսնեն, կը զգան ու կ’ապրին պատերազմին վախն ու սարսափը։ Անոնք, որոնք կը տագնապին ու կը տառապին իրենց կորուստներով, բայց չեն յուսահատիր։ Մարդիկ, որոնք կառչած մնացին հողին, իրենց կիսաւեր, քար ու քանդ եղած տուներուն՝ փլատակներուն մէջ փնտռելով խաղաղ տարիներու քաղցր յուշերն ու անմոռանալի յիշատակները։

Հալէպը չլքեցին անոնք, որոնք չուզեցին վերապրիլ գաղթականի հոգեբանութիւնը։ Դարերէն եկող գաղթելու գաղափարը կու գայ Վարդանանց պատերազմի օրերէն։ Երբ հայը՝ վտանգի առջեւ իր տկարութիւնը զգալով՝ կը գաղթէր տարբեր շրջաններ, զայն պատճառաբանելով Քրիստոսի խօսքերով,- «Յորժամ հալածեսցեն զքեզ ի քաղաքէ յայսմանէ փախչիք ի միւսն»։

Յետագայ ժամանակներուն, հայ ժողովուրդին բաժին ինկած դառն ճակատագիրը զինք կը մղէ իր կեանքին իմաստը գտնելու «ուր հաց հոն կաց» ժողովրդական առածին մէջ։ Այս մտայնութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ այնքան արմատացաւ, դարձաւ սովորական երեւոյթ։ Դարեր շարունակ այս գաղափարին ապաւինած, հայը՝ գաղթականի ցուպը ձեռքին՝ բնակութիւն հաստատեց օտար հորիզոններու տակ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, անբուժելի այս ախտը պատճառ եղաւ հայոց հայրենիքի հայաթափումին, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի։

Ահա թէ ինչու Հալէպը չպարպուեցաւ իր հայ բնակիչներէն։ Հալէպի պատմական դերակատարութիւնը սուրիահայ կեանքէն ներս իւրայատուկ է ու անփոխարինելի։ Իւրայատուկ է Հալէպը իր բնատոհմիկ յատկանիշներով, իր աւանդութիւններով ու աւանդոյթներով։ Իւրայատուկ է, ժողովուրդին պարզ ու համեստ կենցաղին մէջ թաքնուած իր ուժեղ ազգային ոգիով, որ միշտ պատրաստ է զոհաբերելու յանուն ազգին ու հայրենիքին։ Աւանդական այս քաղաքը երբեք չէ զլացած անսակարկ նուիրումով ծառայելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն։

Եթէ մտաբերենք, թէ ինչպէս դիմացաւ եւ ինչպէս տոկաց հալէպահայութիւնը պատերազմի ահաւոր օրերուն՝ պիտի խոստովանինք, որ համայնքին գործունէութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է հայկական կազմակերպութիւններու, բարեսիրական եւ մշակութային հաստատութիւններու հետեւողական աշխատանքով եւ ուշադիր վերաբերմունքով։ Գաղութին մէջ համազգային աշխատանք մը կը կատարուի, հայ կեանքի համար կարեւոր, հայ իրականութեան կողմէ առաջադրուող կարիքները հոգալու համար։

Ազգային սրբազան այս առաքելութիւնը, համայնքին տարած նուիրական աշխատանքին տարողութիւնը կրնան ըմբռնել ու արժեւորել անոնք, որոնք տեղեակ են, մօտէն ծանօթ են սուրիահայութեան կեանքի մանրամասնութիւններուն, պատերազմի պայմաններուն մէջ իրենց կեանքի շարունակող ընտանիքներու իրավիճակին։

Սուրիահայութեան օրակարգը հայութեան համար լուրջ օրակարգ է, կամայական վերաբերում պէտք չէ ունենալ, հարկաւոր է ճիգ չխնայել հայութիւնը դուրս բերելու տիրող իրավիճակէն։

Որքան տքնանք, ուժ եւ կորով հարկաւոր է, հայկական կառոյցները պահելու ու պահպանելու համար, որպէսզի հայ աշակերտները չզրկուին իրենց դպրոցներէն։ Որպէսզի պատերազմի արհաւիրքէն յուսալքուած բարեպաշտ ժողովուրդը իր հոգեկան մխիթարութիւնը գտնէ իր հաւատքի կռուաններուն մէջ։

Հալէպի տխուր եղելութիւններն ու կործանման ողբերգական իրադարձութիւնները, հարազատներու դառն կորուստները, հրկիզուած բնակարաններն ու գործատեղիները, չկրցան ընկճել պատերազմի սարսափէն ահաբեկուած մարդոց յոգնատանջ հոգիները։ Զարմանալի է, երբ կը տեսնենք ինչպիսի ոգեւորութեամբ, մեծ թափով ու հաւատքով ժողովուրդը կ՝ուզէ վերականգնել իր երբեմնի բնականոն խաղաղ կեանքը։

Եւ կը տեսնենք ինչպէս համայնական աւերին մէջ արկայծող յոյսը հալէպահայութիւնը կը մղէ վերակառուցելու իր կրթօճախներն ու մշակոյթի կեդրոնները։

Հալէպահայութեան մտքի ու եռանդի արդիւնք են կրթական, մշակութային այն հիմնաւոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որոնք կը նպաստեն սերունդներու մէջ զարգացնելու եւ ամրապնդելու ազգային գիտակցութիւնը, ազգին զաւակները մղելու յանձնառու դառնալու իրենց պարտաւորութիւններուն։

Այն, ինչ զգալի կը դառնար պատերազմի տարիներուն հայորդիներուն ցուցաբերած խիզախ վերաբերմունքով ու սխրանքով։

Հայորդիներ, որոնք քաջ գիտակցութիւնը ունին, թէ ազգութեան պահպանման համար կարեւորը ազգային սէրն է, ազգութեան գաղափարն է, «ով չի ճանաչում եւ չի սիրում իր ազգը, նա վերջանում է մարդ լինելուց», պիտի ըսէր հայ մեծ վիպասանը Րաֆֆին։

Իսկ եթէ երբեք հայութեան հոգերով ու խնդիրներով տագնապող մեծն Թումանեանը ականատես ըլլար ահաւոր պատերազմի արհաւիրքին պիտի ըսէր,- «Զարմանալի է մեր ազգի կենսունակութիւնը, ես լիքն եմ էդ մեծ կենսունակութեան անսասան հաւատքով։ Ոչ մի բռնակալ, եւ ոչ մի բարբարոս երբեք չի կարողացել նուաճել ու ընկճել հայկական ցեղի այդ հզօր յատկութիւնը։ Ամէն անգամ, ամէն բռնակալի հայ ժողովուրդը կարող էր կրկնել Վարդանանց խօսքը,- «Թէ դու կարող ես հայի մարմինը տանջել, բայց նրա հոգու հետ ինչ ես անելու…»։

«Ահա, ինչպէս ամէն ժամանակ, այնպէս էլ այսօր, շարժւում է հայ ազգի հզօր ու աննկուն ոգին»։

Հալէպ      

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին