Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Կիրակի 9 Յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վերընծայումը Քեսապի Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցիին: Այս Առթիւ Պէյրութէն Քեսապ ժամանած էին ՄԱՀԱԵ-Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՄԱՀԱԵ-Միւթեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Հալէպէն՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Կեդրոնական Մարնինի անդամներ:
ՄԱՀԱԵ-Միութեան պատուիրակութիւնը վերանորոգ եկեղեցւոյ բացումէն մէկ օր առաջ այցելութիւն տուաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական համայնքներու ներկայացուցիչներուն:
Կիրակի՝ 9 Յուլիսը պատմական օր մըն էր ողջ Քեսապահայութեան համար: Նախքան Քեսապի վերանորոգ Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցիի վերընծայումը՝ ՄԱՀԱԵ-Միութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Գալատուրանի, Էքիզոլուքի եւ Քէօրքիւնէի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, իւրաքանչիւրին նուիրելով բեմի նոր Աստուածաշունչ մը:
Լաթաքիոյ շրջանի պետական մարմինները, քաջալերուած Քեսապի Հայ Աւետ. Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքներէն, ծրագրած էին դրօշակի արարողութիւն՝ Քեսապի հրապարակին վրայ բարձրացնելու Սուրիական դրօշը, նախքան եկեղեցւոյ բացումը: Պատանեկան փողերախումբով առաջնորդուած արարողութենէն ետք՝ բոլորը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան կատարեց պաշտօնական բացումը վերանորոգ եկեղեցիին:
Քեսապի Հայ Աւետ. Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին, որ 21 Մարտ 2014-ին գրաւուած, թալանուած եւ ապա հրկիզումի ենթարկուած էր, այժմ իր վերանորոգ եւ պայծառ սրահներուն մէջ կ’ընդունէր բազմահարիւր հաւատացեալներ, որոնք եկած էին առ Աստուած փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան աղօթքներ ու երգեր բարձրացնելու: Կէսօրուայ ժամը 12-ին սկսաւ վերընծայման յատուկ պաշտամունքը, ներակայութեամբ Լաթաքիոյ Նահանգապետին, Կուսակցապետին, պատասխանատուներու, քոյր Եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն եւ Քեսապի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Քեսապի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Պատ. Ժիրայր Ղազարեան առաջնորդեց պաշտամունքը: Բեմի նոր Աստուածաշունչի նուիրումը կատարեց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան եւ Պատ. Սեւակ Թրաշեան կատարեցին ընթերցումներ Աստուածաշունչէն: Երգչախումբը հրամցուց երկու երգեր: Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ տարբեր տարիքի զաւակներ արտասանեցին նուիրումի աղօթքներ: Օրուան պատգամը փոխանցեց Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց քարեղէն կառոյցէն անդին նայելու եւ ըլլալու կենդանի եկեղեցի, որուն միջոցաւ Աստուած կը փառաւորուի:
Պատգամէն ետք՝ Եկեղեցւոյ վերընծայման աղօթքը կատարեց Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ նաեւ դրուատեց Սուրիոյ պետական մարմիններու աջակցութիւնը, որ մեծապէս դիւրացուց վերանորոգման աշխատանքները, աւելցնելով՝ թէ Սուրիահայութիւնը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ ժողովուրդին:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց ԿՄ-ի խօսքը, անդրադառնալով կատարուած աշխատանքին եւ անոր յուսադրիչ ազդեցութեան, գնահատանքով ընդգծելով որ այն տարուեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի զաւակներուն կողմէ, Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաջնորդութեամբ:
Կարդացուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարիչ Տնօրէն՝ Պրն. Զաւէն Խանճեանի խօսքը, ապա Տէրունական աղօթքով եւ Վեր. Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութիւնով աւարտեցաւ պաշտամունքը: Ներակաները դուրս եկան զիրար շնորհաւորելով եւ ողջագուրելով՝ բարձր տրամադրութեամբ:
ՄԱՀԱԵ-Միութեան Նախագահը, Կերոնական Մարմինի Ատենապետն ու անդամները, նաեւ ներկայ Լաթաքիոյ պետական աւագանին շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Եկեղեցւոյ նորոգուած դահլիճէն ներս: