«Ինթըրփոլ»-ը մերժած է Եւրոխորհրդարանի չեխ պատգամաւոր Եարոմիր Շթեթինան ձերբակալելու իրաւունք տալու Ազրպէյճանի խնդրանքը:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը՝ վկայակոչելով չեխական «radio.cz» լրատուական կայքը:
Ազրպէյճանի կողմէ այդպիսի դիմում ներկայացնելու պատճառ հանդիսացած է Փետրուարին Շթեթինայի այցը Լեռնային Ղարաբաղ, որու ընթացքին ան դատապարտած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւնները:
Չեխական կողմն ալ այս առիթով յայտարարած է, իբր, Ազրպէյճան այս քայլով կը ցանկայ խուսափիլ միջազգային հանրութեան կողմէ իրեն ուղղուած բացասական արձագանգներէն ու գնահատականներէն:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 22-ին տեղեկութիւններ տարածած են, թէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միջազգային հետախուզում յայտարարած են Եւրոմիութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ Ֆրանք Էնկըլի (Լիւքսեմպուրկ), Էլենի Թէոխարոսին (Կիպրոս), Եարոմիր Շթեթինային (Չեխիա) Արցախ այցելելու եւ սահմանադրական հանրաքուէի ժամանակ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար: Շթեթինայի վերաբերեալ դիմումի մերժումը ազրպէյճանական տխրահռչակ «սեւ ցուցակի» ձախողումն է: