Ազրպէյճանի մէջ անհանգստացած են Արցախի մէջ հայ-իրանական սահմանի պայմանական խախտողներու ձերբակալման ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան եւ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու համատեղ զօրավարժութիւններէն:
«Այդ հարցով պարզութիւն մտցնելու նպատակով՝ Ազրպէյճանի սահմանային պետական ծառայութեան ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Ելչին Կուլիեւը պաշտօնական նամակ ուղարկած է ՌԴ սահմանապահ ծառայութեան ղեկավար, զօրավար Վլատիմիր Գուլիշովին»,- կը յայտնէ «Artsakhpress.am»-ը՝ վկայակոչելով «vesti.az» –ը:
Կը նշուի, որ ռուս գործընկերներու կողմէ պատասխան ստանալէ յետոյ՝ ազրպէյճանական կողմը յաւելեալ տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրէ: