Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Համար Ես Պատրաստ եմ Ամէ՛ն Ինչ Ընել. Վիգէն Ասիլեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մօտ Լիբանանէն հիւրընկալուած Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասսիլեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ամբողջացաւ այս հայրենասէր հայորդիի ծաւալած գործունէութիւնը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Պարո՛ն Ասիլեան, մասնագիտութեամբ ըլլալով ատամնաբոյժ, Դուք, կարծես, աւելի շատ զբաղած էք հասարակական աշխատանքներով. բան մը, որ ձեզ մղած է այդքան գործուն մասնակցութիւն ունենալու շարք մը հասարակական աշխատանքներու մէջ:

-Մէկ բառով կրնամ ըսել` Հայաստանը…որովհետե՛ւ ես 1980-էն մինչեւ 1986 ուսանած եմ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ:  Անշուշտ, իրենց բաժինը ունին նաեւ ծնողներս, անոնց տուած հայեցի դաստիարակութիւնը: Իմ ուսումնառութեան 6 տարիներուն ընթացքին, ես այնքա՜ն սիրեցի Հայրենիքս, այնքա՜ն ամուր թելերով կապուեցայ Հայաստանին, եւ այդ սէրը յաւէրժական է. ես վեց տարի շնչեցի Հայաստանի օդը, խմեցի անմահական ջուրը, վայելեցի արեւահամ միրգերը, վայելեցի իմ շուրջբոլոր հնչող հայերէնը…այս ամէնը նպաստեց, որ ես անմնացորդ նուիրուիմ հայապահպան գործերուն:

– Ձեր կատարած հասարակական աշխատանքներէն կա՞յ մէկը, որ առաւել կարեւոր է եւ արդիական:

– Երբ ուսումս աւարտեցի եւ վերադարձայ Լիբանան, աշխատեցայ ազգային տարբեր հաստատութիւններու մէջ ինչպէս՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, տարբեր վարչութիւններու մէջ: Աւելի ուշ սակայն ամէնէն կարեւոր աշխատանքս նպատակաուղղուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն, որուն Լիբանանի Մարմնի անդամն էի անոր մէջ ներկայացնելով ՌԱԿ-ը: Միւս կողմէ, գիտակցելով, որ շատ կարեւոր էր, Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց, ամէն մէկը իր բնագաւառին մէջ` մշակոյթ, արուեստ, քաղաքականութիւն, գիտութիւն, մանկավարժութիւն, ներթափանցէր ոչ հայկական շրջանակներ: Այդ կէտը նկատի ունենալով` իմ գլխաւորած ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան միջոցաւ, մօտաւորապէս երկու տարի, մեր գործունէութիւնը ծաւալած ենք լիբանանեան տեղական միջավայրի մէջ` տարածելով հայկական մշակոյթը: Հիմնական ձեռնարկներէն կ՝ուզեմ առանձնացնել երկուքը. մէկը այն էր, որ Լիբանանի մէջ, տարբեր տարիքի արաբ երեխաներ նուագեցին հայկական երաժշտութիւն, միւսն ալ` Ապրիլ 24-ին՝ արաբ նկարիչներու ցուցահանդէսն էր Պիպլոս քաղաքին մէջ: Անոնց նկարներուն հիմնական թեման Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր:

– Արաբ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Եղեռնէն մազապուրծ հայ ժողովուրդի մէկ մասին ապաստան տուողներէն մէկն էր, սակայն, հիմա արդէն կ՝ապրի անոնց 3-րդ, 4-րդ սերունդը. ո՞վ ուղղորդած է անոնց` 100 տարի անց նայելու այդ հրէշաւոր ոճրագործութեան` Դո՞ւք, Ձեր հասարակական կազմակերպութիւննե՞րը…

– Յիրաւի, արաբ ժողովուրդը բարի ժողովուրդ է, եւ մեզի համար ծանր օրերուն ընդունած, ապաստան տուած է հայերուն: Հայ ժողովուրդն ալ միշտ եղած է աշխատասէր, կարգապահ, նուիրուած բոլոր այն երկիրներուն, ուր ապրած է: Այդ փոխյարաբերութիւնները նպաստած են, որպէսզի այսօրուան արաբ սերունդը հետաքրքրուած ըլլայ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ ու մշակոյթով, մենք այդ հենքի վրայ իսկ կը ծաւալենք մեր գործունէութիւնը:

– Պարո՛ն Ասիլեան, ի՞նչ առաքելութեամբ եկած էք Հայրենիք:

– Այս անգամ մենք որոշեցինք մէկ քայլ առաջ երթալ. այն համերգը, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ, ծրագրեցինք իրագործել նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ անիկա կազմակերպուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ. 10 արաբ երեխաներ՝ հայաստանեան բեմի վրայ՝ կատարեցին հայ երաժշտահաններու գործերը, միայն մէկ հայուհի կար` իմ աղջիկը` Թամար Ասիլեանը:

Մօտ 40 հոգինոց խումբ բերած էինք` երեխաներ ու ծնողներ, որուն համար շատ շնորհակալ ենք ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան, մասնաւորապէս` արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ անոր անձնակազմէն՝ Վլատիմիր Պօղոսեանին: Այս ձեռնարկը հովանաւորուած էր նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Հնարաւոր է, որ յաջորդ տարի եւս մշակութային այլ ձեռնարկներ իրագործենք Հայրենիքի մէջ: Այսպիսով, մենք ոչ միայն կը պահենք–կը պահպանենք մեր մշակոյթը, այլեւ մեր մշակոյթին կը մերձեցնենք, կը ծանօթացնենք նաեւ արաբ ժողովուրդին:

– Սիրո՞վ կը կատարեն մեր հայ երաժշտահաններու գործերը:

– Չէք պատկերացներ, թէ ի՜նչ մեծ սիրով կը սորվին ու կը կատարեն այդ գործերը: Մէկ տարի է, որ իրենց ուսուցչուհիի` տիկին Ռիթա Ասսիլեանի հետ, փորձեր կ՝ընեն, կ՝անցնին անհատական դասընթացներ, կը հետաքրքրուին հայ երաժշտահաններու գործերով, անոնց ծնողները եւս սիրով կը լսեն այդ գործերը:

– Յարգելի՛ հայրենակից, ո՞րն է Հայաստան կատարած Ձեր երկրորդ առաքելութեան նպատակը:

– Արուեստագէտներու տոհմէն սերած Լենա Այտընեանի գաղափարն էր «4 սերունդ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը, որ դարձեալ նուիրուած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր 70-ամեակին: Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Դանիա եւ Լենա Այտընեաններու եւ Մելին Չաղլասեանի արուեստի գործերը: «Վրձինով կը մերժենք» պատկերազարդ գիրքը, որուն մէջ 24 արաբ արուեստագէտներու վրձինած կտաւներն են` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, նոյնպէս մեր ձեռքբերումներէն է. Լիբանանի Պիպլոս քաղաքի քաղաքապետարանին մէջ, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան հովանաւորութեամբ, կայացաւ այս նկարներուն ցուցահանդէսը. նկարիչներու շարքին կային նաեւ ոչ քրիստոնեայ արուեստագէտներ: Աւելի հետաքրքրական էր, երբ նկարիչները մտայղացան ցուցադրուող նկարներէն 7-ը նուիրել Հայաստանի ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: Յաջորդ տարի՝ Ապրիլին, նպատակ ունինք նոյն այս ցուցահանդէսը իրականացնելու նաեւ Հայաստանի մէջ: Մենք մասնակիցն ենք նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման. անցեալ օր, դեռ Հայաստան չեկած, իրականացուցինք Գայիանէ Դաւթեանի «Իմ Շուշի» պատկերազարդ գիրքին շնորհահանդէսը եւ վաճառքէն ստացուած հասոյթը տրամադրեցինք Շուշի քաղաքի վերակառուցման:

– Ամբողջովին նուիրեալն էք հայրենասիրական, հասարակական աշխատանքներու. Ձեր մասնագիտութիւնը, յոյսով եմ, չէք անտեսած…

– Անշուշտ, հասարակական աշխատանքը առաջնային է, սակայն, ըսեմ նաեւ, որ իմ մասնագիտութեամբ ալ կը հասցնեմ աշխատիլ, որովհետեւ ատիկա մեր կենցաղավարման, ապրուստի միջոցս է: Հայաստանի համար ես պատրաստ եմ ամէ՛ն ինչ ընել:

Ահաւասիկ, իրականացուցած բազմաթիւ ձեռնարկները, երդման, ուխտի նման, սրտի անկեղծ թրթիռով հնչած այսպիսի վերջաբանը առաւել խօսուն է, քան` բարձրագոչ, կեանքի չկոչուող բազում գեղեցկախօսութիւնները:

«Հայերն այսօր»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին