Յուլիս 11-ին Մաուրպախի մէջ` ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ծիրէն ներս, կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:
Նախարարները անդրադարձած են երկկողմ դաշնակցային փոխգործակցութեան շարք մը հարցերու` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականցման:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Հանդիպման օրակարգի վրայ էր ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Այս ծիրէն ներս երկու կողմերը շեշտուած են Վիեննայի եւ Ս․Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման անհրաժեշտութիւնը: