Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Արցախը Մեր Գոյութեան Դարպասն Է. Հրանոյշ Յակոբեան

Զրուցեց՝ ԱՆՆԱ ԳԻՎԱՐԳԻԶԵԱՆ

Իր շահեկանութեան համար ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մոսկուայի «Ժամ» ամսագրի մեր պաշտօնակիցին հարցազրոյցը ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
«Խմբ.»

Հայաստանը, հայ իրականութիւնը` իր քաղաքական, հասարակական, մշակութային երեսներով բազմակողմ ներկայացնելու մեր առաքելութիւնը կիսատ պիտի ըլլար, եթէ չփորձէինք այդ ամէնը ներկայացնել նաեւ պաշտօնական անձերու տեսանկիւնէն:

Մենք կը սկսինք նոր խորագիր, ուր պաշտօնատար անձերու հետ մեր զրոյցները պիտի ըլլան որքան պաշտօնական, նոյնքան ալ` ոչ պաշտօնական: «Ժամ»-ուն բնորոշ անկաշկանդ ու անմիջական ոճով՝ պիտի փորձենք խօսիլ ոչ միայն իրենց ոլորտի խնդիրներուն, Հայաստանի հեռանկարներուն, այլ նաեւ անձնականի մասին:

Մեր առաջին հիւրը ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն է:

 

 — Խորհրդային Միութեան տարիներուն դպրոցի մէջ պարտադիր շարադրութիւն կը գրէին «Ի՞նչ կ’երազեմ դառնալ» թեմայով։ Հետաքրքրական է, ի՞նչ գրած էք այդ շարադրութեան մէջ:

— Վեցերորդ դասարան էի, երբ հայրս ըսաւ. «Աղջիկս մաթեմաթիքոս պիտի դառնայ»: Ատիկա, կարծես կեանքի ծրագիր դարձաւ։ Նման թեմայով բոլոր շարադրութիւններուն մէջ կը գրէի` մաթեմաթիքոս պիտի դառնամ: Մայրս կ՝երազէր, որ բժշկուհի դառնամ, բայց ես արիւնէն կը վախնամ, մարդկային ցաւերը ինծի ցաւ կը պատճառեն: Ես միայն արտաքուստ շատ խիստ եմ, իրականութեան մէջ հոգիով նրբազգաց եմ: Իսկ մարդկային, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ նման եմ փոքր երեխայի. տեսակ մը անպաշտպան կը դառնամ, կ’ուզեմ, որ ուրիշները  ղեկավարեն զիս: Այդպէս ալ բժշկութիւնը չընտրեցի:

 — Ձեր մօր երազանքը, կարծեմ, ձեր քոյրը կատարեց:

— Այո՛, քոյրս բժշկական հաստատութիւն կը ղեկավարէ: Ան ղեկավար է եւ փայլուն կը կատարէ իր գործը: Իմ առաջին մասնագիտութիւնը կիրառական մաթեմաթիքան է (անիկա մեր երկրին մէջ նոր գիտութիւն էր 70-ականներուն սկիզբը): Ի դէպ, Խորհրդային Միութեան մէջ կիբեռնեթիքան կը համարուէր «կեղծ գիտութիւն» եւ կը մերժուէր, եւ միայն անցեալ դարու 60-ականներուն անիկա վերջնականապէս ընդունուեցաւ: Իսկ 70-ականներուն սկիզբը, Հայաստանի մէջ, Սերգէյ Մերկէլեանի գլխաւորութեամբ հիմնուած գիտահետազօտական ուսումնարանին մէջ ստեղծուեցան առաջին հաշուիչ մեքենաները` Նայիրի, Հրազդան, Արաքս… Այս ամէնը այնքան հետաքրքրական էր մաթեմաթիքայով հետաքրքրուող ինծի պէս երիտասարդի համար, ուստի ես ընտրեցի ո՛չ թէ դասական մաթեմաթիքան, այլ՝ կիրառականը:

— Երբեւէ  չէ՞ք  զղջացած:

— Երբե՛ք: Ես շատ ուրախ եմ, որ մաթեմաթիքան ընտրեցի, մաթեմաթիքական մտածողութիւնը շատ կ’օգնէ ինծի: Պատմեմ դէպք մը: Երբ ընդունուեցայ համալսարան, օր մը մայրիկիս հետ՝ փողոցը, հանդիպեցանք դպրոցիս տնօրէնին, որ նաեւ իմ մաթեմաթիքայի ուսուցիչը եղած էր: Երբ ան գիտցաւ, որ ընդունուած եմ կիրառական մաթեմաթիքայի բաժանմունք, հակառակ ակնկալիքիս թէ պիտի ուրախանայ, ըսաւ. «Մի՞թէ կարելի էր այս երեխան մաթեմաթիքայի բաժանմունք տանիլ»: Ես վիրաւորուեցայ, որ ուսուցիչս դէմ էր իմ ընտրութեան: Անցան տարիներ: Տնօրէն-ուսուցիչիս հանդէպ յարգանքի հետ նաեւ ցաւը պահեցի սրտիս մէջ: Երբ արդէն Հայաստանի կոմերիտմիութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարն էի, ան օր մը եկաւ մօտս: Երբ նստանք դէմ-դիմաց, ըսաւ. «Աղջի՛կս, եկած եմ, որ ըսեմ` վերջապէս գտար տեղդ… Մաթեմաթիքան քեզի համար «նեղ» էր… դուն պէտք է հասարակական դէմք դառնայիր»: Ես ապշեցայ. մարդը չէր մոռցած մեր հանդիպումը, երեւի հասկցած էր, որ հոգիս խոցուած է: Յուզուած էի շատ, նաեւ հասկցայ, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ իսկական մանկավարժ` հետեւողական սեփական սկզբունքներուն եւ կանխատեսումներուն մէջ: Ահա այսպէս, մաթեմաթիքայէն անցում կատարեցի քաղաքական ոլորտ: Հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը զիս հեռացուց մաթեմաթիքայի դասախօսի իմ սիրած աշխատանքէն:

– Ըսիք, որ մաթեմաթիքան Ձեր առաջին մասնագիտութիւնն է, իսկ՝ միւսնե՞րը:

– Կոմերիտմիութեան կեդրոնական կոմիտէի մէջ աշխատած տարիներուս ուսանած եմ Մոսկուայի հասարակական գիտութիւններու ակադեմիային մէջ (1986–1989թթ.): Խորհրդային միութեան մէջ քաղաքական բարձր պաշտօն վարողը պէտք է անպայման նաեւ քաղաքական կրթութիւն ստանար:

Հայաստանի անկախացումէն ետք՝ ըլլալով Խորհրդարանի ամենաերիտասարդ անդամներէն մէկը, աշխուժօրէն ներգրաւուեցայ օրէնսդրական աշխատանքներու կատարման մէջ: Հակառակ անոր որ Խորհրդային տարիներուն ալ պատգամաւոր եղած եմ, սակայն այն ատեն, օրէնք ընդունելու ժամանակ աւելի շատ «թարգմանիչ» էինք, քան՝ օրէնսդիր: Օրէնքները կը թարգմանուէին ռուսերէնէ, կը կրճատուէր այն ամէնը, որ բնորոշ չէր Հայաստանին, եւ մենք առանց քննարկելու կը քուէարկէինք: Բոլոր օրէնքները կ’ընդունուէին միաձայն: Նոր պայմաններուն մէջ պէտք էր պետութեան օրէնսդրական հիմքեր ստեղծել, պէտք էր պետական հիմնարկներու կայացման իրաւական օրէնքներ ընդունիլ: Իսկ ատոր համար նաեւ անհրաժեշտ էր իրաւական գիտելիք: Եւ ես, առանց երկմտելու, ընդունուեցայ եւ 1994-ին աւարտեցի ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքը: Այնուհետեւ, պաշտպանեցի թեկնածուական, իսկ 2006-ին` նաեւ դոկտորական թեզ` նուիրուած ՀՀ խորհրդարանին եւ խորհրդարանականութեան: Սէրը կրթութեան եւ գիտութեան նկատմամբ մեր մէջ ներարկած են ծնողներս՝ մանուկ հասակին: Ուրախ եմ, որ ստացած են նման կրթութիւն:

Պետական կառավարման մէջ աշխատելու համար պէտք են իրաւաբանական գիտելիքներ, իսկ արդիւնաւէտ կառավարելու համար` ճշգրիտ մտածողութիւն: Տարիներու ընթացքին՝ նաեւ կը սորվիմ աշխատանքի մէջ: Մարդ պէտք է ամէն օր սորվի: Այս է իմ քաղաքական եւ կրթական կրետոն:

 — Եթէ չեմ սխալիր, պետական աշխատանքին զուգահեռ, նաեւ կը դասաւանդէք:

— Այո՛, կը դասաւանդեմ Երեւանի կառավարման ակադեմիային մէջ, իսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը` Գաւառի պետական համալսարանին մէջ, որ ինչպէս ընդունուած է ըսել, «ցուրտ ու մութ տարիներուն»`1993-ին, հիմնադրած է հայրս: Խորհրդարանի եւ խորհրդարանականութեան մասին իմ մենագրութիւնը նաեւ ուսումնական ձեռնարկ դարձած է ուսանողներու համար:

 — Չէ՞ք յոգնիր:

— Ես կը հանգստանամ իմ ուսանողներու հետ: Լսարանը իմ ամենասիրած վայրն է: «Անբաւարար» երբեք չեմ նշանակեր, ատիկա հայրիկէս սորված եմ… բայց, ի պատիւ ուսանողներուս` պէտք է ըսեմ, որ միշտ «գերազանց» կամ «լաւ» կը ստանան:

— Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք քննադատութեան: Մամուլի մէջ, այսօր, յաճախ կը հանդիպինք յօդուածներու, ուր կը քննադատեն նախարարութեան աշխատանքը:

— Նայած ինչ քննադատութիւն է: Գործնական, կառուցողական քննադատութիւնը կ’օգնէ: Բայց պէտք է նաեւ գնահատել եղածը: Երբեմն կ’ըսեն` նախարարութիւնը «մուրացկանութիւն» կ’ընէ: Ի՞նչ վատ բան կայ, երբ կ’ըսեմ` ո՞ւր են մանթաշովներն ու լազարեւները, դուրսը ապրող եւ աշխատող հայ մեծահարուստները, թող գան, ներդրում կատարեն եւ աշխատին հայրենիքի մէջ: Վա՞տ բան կ’ըսեմ… Կամ՝ կ’առաջարկենք` «2–3 տարին մէկ ձեր հանգիստը անցուցէք Հայաստանի մէջ»: Եթէ հայ ես ու ընդամէնը այստեղ հանգստանալով կրնաս օգտակար ըլլալ հայրենիքին, ինչո՞ւ չընել: Որոշ լրագրողներ՝ այս անչափ կարեւոր հարցադրումները գլխիվար կը դարձնեն եւ աղմուկ կը բարձրացնեն: Ատոնք զիս ընդհանրապէս չեն մտահոգեր, քանի որ գիտեմ` անոնց ետին չարամիտ մարդիկ կանգնած են, եւ մեծ մասամբ՝ մտացածին:

—Այնպիսի տպաւորութիւն է այս օրերուն, որ ամէն բան կ»աշխատիք դուք ընել, նոյնիսկ շարք մը հանդիպումներու, ուր կրնայիք ներկայ չգտնուիլ, անպայման կը մասնակցիք: Չէ՞ք վստահիր Ձեր ենթականերուն:

— Վստահութեան հարցը չէ, ես զիս պատասխանատու կը զգամ ամէն բանի համար: Աստուած մի արասցէ` որեւէ բան այնպէս չըլլայ: Ես յետոյ երկար կ’աշխատիմ շտկելու սխալը, հասկնալու պատճառը, որպէսզի անիկա չկրկնուի: Իմ գործընկերներս ալ կ՝աշխատին հետս: Կը սիրեմ որակեալ գործը:

 — Որո՞նք էին Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին արդիւնքները:

— Նախ ուրախութեամբ պէտք է արձանագրել, որ այս հարթակը, որ բաղկացած է ամենաըմբոստ, ամենազօր, ամենասուր մարդոցմով, կայացած է: Ութերորդ անգամ հաւաքուիլ եւ այսքան խանդավառութեամբ քննարկել ոլորտին վերաբերող հարցեր, արդէն արդիւնք է:

Երկրորդ` լրագրողները կը հաստատեն մնայուն կապեր, որուն իբրեւ արդիւնք առաջացած է տեղեկատուութեան փոխանակման հայկական հսկայածաւալ ցանց:

Էական կը համարեմ, որ այս համաժողովին ընթացքին ճշդուած են այն առաջնահերթ թեմաները, որոնց յառաջիկային պէտք է անդրադարձ կատարեն հայկական բոլոր ԶԼՄ-ը: Համաժողովին առանձնակի շուք հաղորդեց Արցախ այցելութիւնը, լրագրողներուն հանդիպումը սահմանին կանգնած մեր քաջ զինուորներուն հետ:

Կարեւոր ձեռքբերում էր միասնաբար «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Արցախի համար» շարժում սկսիլը, որ մեծ թափ ստացած է սփիւռքեան համայնքներու մէջ: Պատահական չէ, որ այդ շարժումէն ոգեւորուած, մենք 2017-ը յայտարարեցինք Արցախի տարի: Կ’ակնկալենք իւրաքանչիւր հայէ անմիջական ներդրում ունենալ Արցախի զարգացման եւ առաջընթացի գործին մէջ:

 — Ո՞ր երկրին մէջ առաջինը ստեղծուած է Սփիւռքի նախարարութիւն:

— Ի հարկէ` Իսրայէլի: Անոնք Սփիւռքի հարցերով զբաղող երկու նախարարութիւն եւ մէկ գործակալութիւն ունին: Մեր եւ հրէական սփիւռքը իրարմէ կը տարբերին անով, որ մեր Սփիւռքն ու մեր երկիրը գրեթէ միաժամանակ, զուգահեռ ձեւաւորուած են, իսկ հրէական սփիւռքը ինք ծնած է իր պետութիւնը: Չմոռնանք, ի հարկէ, որ Իրանի, Եւրոպայի հայկական սփիւռքը ստեղծուած են դարեր առաջ: Օրինակ, 1604 թուականին, Շահ Աբասը 300 հազար հայ դաժանաբար տեղահան ըրաւ ու տարաւ Նոր Ջուղա: Սպահանի մէջ, այսօր, կը գործէ մեր ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը, իսկ մեր Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ 350 տարեկան է, ես կը դասէի աշխարհի հրաշալիքներու շարքին:

 — Աշխարհի վրայ շա՞տ են պետութիւններ, որոնք ունին Սփիւռքի նախարարութիւն:

— 26 տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն Սփիւռքի նախարարութիւններ, 60-էն աւելիի մէջ` գերատեսչութիւններ, որոնք կը զբաղին սփիւռքի հարցերով: Ընդունուած է ըսել, որ այսօր աշխարհը «կը սփիւռքանայ», նոյնիսկ սկսած են խօսիլ ոչ թէ պետութիւններու, այլ սփիւռքներու մասին:

Սփիւռքի նախարարութիւն կայ Խորուաթիոյ, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի մէջ… երբ մեր նախարարութիւնը արդէն վերջնականապէս ձեւաւորուած էր, ես իմ գործընկերները հրաւիրեցի Հայաստան: «Սփիւռքի հեռանկարները համաշխարհայնացուող աշխարհի մէջ» խորագիրով մեր կազմակերպած միջազգային համաժողովին մասնակցեցան 18 երկրի ներկայացուցիչներ: Իբրեւ արդիւնք՝ ընդունուեցաւ երեւանեան յայտարարութիւնը, ուր կ’առաջարկուէր ՄԱԿ-ին կից ստեղծել աշխատանքային խումբ` սփիւռքի խնդիրներուն իրաւական հիմնաւորումներ տալու եւ սփիւռքի մասին համատեղ հռչակագիր կամ պայմանագիր ընդունելու համար:

–Իբրեւ Սփիւռքի նախարար` խօսինք այս բոլոր տարիներուն Ձեր ձեռքբերումներուն եւ բացթողումներուն մասին: Ինչո՞վ կը հպարտանաք եւ ինչի՞ համար կ»ափսոսաք:

— Հայաստանի մէջ գործող բոլոր նախարարութիւնները գրեթէ 100 տարեկան են, իսկ մենք ընդամէնը ութ տարի է, որ կը գործենք: Կրթութեան նախարարը կը փոխուի, կը փոխուի մօտեցումը, բայց դպրոցներն ու համալսարանները կը մնան: Մշակոյթի նախարարը կը փոխուի, բայց թատրոնները, շարժանկարի թատրոնները, գրադարանները կը մնան: Մօտեցումները կը  փոխուին: Իսկ այս նախարարութիւնը մենք զերոյէն ստեղծեցինք: Կառոյց ստեղծելու համար պէտք է երեք հիմնական բաղադրիչ` նիւթական, մարդուժ եւ վստահութիւն: Սկսած էր համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը, եւ նիւթականը շատ քիչ էր, Սփիւռքը իմացող, Սփիւռքի հիմնախնդիրները հասկցող պատրաստուած մարդուժ նոյնպէս չկար:

Կը բացակայէր Հայաստանի նկատմամբ Սփիւռքի վստահութիւնը, քանի որ հրապարակի վրայ էր հայ-թրքական արձանագրութիւններուն հարցը, որուն պատճառով աշխարհասփիւռ հայութիւնը ըմբոստացած էր: Այս երեք «ոչ»-երու պայմաններով, այնուամենայնիւ, ստեղծուեցաւ մեր նախարարութիւնը: Հպարտ եմ, որ մեր աշխատակազմով կրցանք այնպէս աշխատիլ, որ նախարարութեան նկատմամբ վստահութիւնը աւելցաւ: Այսօր, արդէն 6 համահայկական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու համար ստորագրած ենք համաձայնագիրներ, յուշագիրներ, կազմակերպած ենք 91 մասնագիտական համաժողովներ, որոնց մասնակցելու համար, 120 հազարէն աւելի մարդ եկած է Հայաստան: Մեր հայրենակիցները ծանօթացած են տեղի մասնագէտներու հետ, իրենց գիտելիքները, փորձը ի շահ Հայաստանին օգտագործելու ծրագիրներ առաջարկած: Մեր նպատակը Հայաստան գումարներ բերելը չէ, ատիկա կ’ընէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը։ Մենք կը «բերենք» գիտելիքներ, կապեր, հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի հզօրացման ու զարգացման:

Երբեմն, գործին լիարժէք տեղեակ չըլլալով, մեզ անհիմն կը քննադատեն սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքներու հարցով: ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէային մէջ, Հայաստանի կառավարութեան աշխատանքը՝ այս ուղղութեամբ բերուեցաւ իբրեւ լաւագոյն օրինակ: Ատիկա նաեւ մեր նախարարութեան ձեռքբերումն է, քանի որ սուրիահայերու հարցերը՝ ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ՝ Հայաստանի մէջ կը համակարգէ մեր նախարարութիւնը:

Մենք կ’աշխատինք ոչ մէկ գործ կիսատ ձգել, մարդոց տուած խոստումները անպայման կատարել, այլապէս Սփիւռքը մեզի չի վստահիր:

— Դժուա՞ր է աշխատիլ սփիւռքահայերու հետ:

— Մեր ամենամեծ դժուարութիւնը, ի տարբերութիւն միւս նախարարութիւններուն, այն է, որ կառոյցները, որոնց հետ կ’աշխատինք, անկախ են եւ կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ: Ես ո՛չ հրամայել կրնամ, ո՛չ յանձնարարել, ո՛չ պահանջել, ո՛չ ալ վերահսկել: Միակ տարբերակն է` բանակցիլ, երկխօսութիւն վարել, բացատրել, համոզել, խնդրել, սպասել, նամակ գրել… Կը պատասխանէք` լաւ, չէք պատասխաներ, ոչինչ  կրնար ընել: Կը պատահի, որ ամիսներով կը սպասենք X կամ Y կառոյցի ղեկավարի պատասխանին, որ յետոյ կ’ըսէ` գիտէ՞ք, Մայամի գացած էի, չհասցուցի պատասխանել, կամ` չբացի համակարգիչս, կամ` չտեսայ: Ի՞նչ կրնանք ընել: Ես միայն մեր աշխատակազմին կրնամ յանձնարարել, պահանջել: Միւս նախարարները հրաման կը ստորագրեն, որ պէտք է կատարէ ողջ համակարգը, եւ յետոյ կը ստուգեն: Մեր կառոյցին մէջ այդպէս հնարաւոր չէ:

– Եւ կառոյցները, որոնց հետ կ’աշխատիք, սփռուած են աշխարհով մէկ:

— Այո՛, 118 երկրի մէջ: Մենք նաեւ մասնագէտներու խնդիր ունինք: Մեր առաջարկով՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ ստեղծուած է Սփիւռքագիտութեան ամպիոն, որ մասնագէտներ կը պատրաստէ: Մասնագէտներու գործիմացութիւնը շատ կարեւոր է: Սփիւռքէն ալ մարդիկ հրաւիրեցինք, որ օգնեն, բայց այստեղ ալ այլ խնդիրներ ի յայտ եկան: Շատ կարեւոր է մարդոց եւ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններ կառուցելը, ճիշդ կարգախօս գտնելը, որ մարդու սրտին մօտ ըլլայ ու ոգեւորէ: Օրինակ` «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Արցախի համար» կարգախօսով նոր շարժումը բոլորին համար սրտամօտ է: Կը կարծենք, որ ամէն հայ պէտք է մտածէ Արցախի մասին եւ հարց տայ ինքնիրեն, թէ ինչ ըրած է անոր համար: Արցախը մեր գոյութեան դարպասն է: Արցախը մեր խիղճն է, ոգին եւ հպարտութիւնը, մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը առաջ տանելու եւ, ի հարկէ, տնտեսական, պաշտպանական եւ մշակութային առումով առաւել հզօրացնելու համար: Տեսէ՛ք, թէ այդ հողը ի՜նչ հզօր մշակութային դէմքեր կը ծնի: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է հայրենիքի այդ կտորին չսիրահարուիլ, ազգովի չսիրել ու չպաշտպանել:

Այդ առումով շատ ընելիքներ ունին նաեւ լրագրողները: Դուք պէտք է ամէն երիտասարդի ներշնչէք Հայաստանով ապրելու գաղափարը: Այո՛, Հայաստանի մէջ կան անօրինութիւններ, սխալներ եւ անարդարութիւններ, բայց ո՞ր երկրի մէջ չկան: Ատիկա ոչ թէ մատի փաթթոց պէտք է դարձնել, այլ մեր առաջընթացով, մեր լաւով պէտք է հպարտանալ ու զօրավիգ ըլլալ բարեփոխումներուն, միասնաբար պայքարիլ սխալները վերացնելու համար: Եթէ դուրսը ապրող հայը հպարտ չըլլայ իր հայ ըլլալով, ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանատուութիւն զգայ Հայաստանի առջեւ: Ի վերջոյ, Հայաստանն է հայը օտար ափերու մէջ հայ պահող հիմնական ամրոցը եւ հայու գոյութեան թթուածինը:

— Հիմա կտրուկ շրջադարձ կատարենք: Մանկութեան Ձեր ամենավառ յիշողութիւնը:

— «Մանկութիւնը յիշելով սիրտս կը գինովնայ…»,— կ’ըսէր բանաստեղծը: Ես Սարուխան գիւղէն եմ: Գիւղերուն մէջ, ամրան ամիսներուն, անասունները սար կը տանէին: Մեծ մայրս ալ կ՝երթար: Լուր եկաւ, որ մեծ մայրիկը արդէն կը վերադառնայ: Ես ու մեծ եղբայրս (ես 5 տարեկան էի, ան` 6,5) դուրս ելանք` մեծ մայրիկը «դիմաւորելու»: Կ՝երթայինք` յոյս փայփայելով, թէ ուր որ է պիտի տեսնենք զինք: Գացինք-գացինք, մթնցաւ, բարձրացած-հասած էինք սարերը… յետոյ կը յիշեմ միայն, որ քնաթաթախ աչքերս բացի հօրս գրկին մէջ… Պարզուեցաւ, որ մեծ մայրիկս այլ ճանապարհով (սայլով) եկած է գիւղ, իսկ մենք` երեխաներս, այլ ճանապարհով գացած էինք: Տան մէջ սկսած է մեծ աղմուկ, որ երեխաները չկան: Ամբողջ գիւղը ոտքի ելած է ու մեզ կը փնտռէ: Մայրս խումբի մը հետ մեզ կը փնտռէ, եւ դաշտերուն մէջ կը հանդիպի գայլերու ոհմակի մը ու կը սարսափի այն մտքէն, թէ հաւանաբար… հայրս հարց ու փորձով, մեր հետքերով կու գայ-կը հասնի այն սարը, ուր մեծ մայրս մնացած էր, ու կը գտնէ մեզ: Այսպէս դարձանք գիւղի` «գայլի երախէն փրկուած» հերոսները:

Միւս դէպքը, որ կը յիշեմ. ես հինգերորդ դասարան էի, իսկ փոքր քոյրս` երկուքուկէս տարեկան: Ան շաքար ուզեց, ձեռքը բռնեցի, գացինք խանութ: Ճանապարհին հսկայ շուն մը յարձակեցաւ մեր վրայ, եւ ես իսկոյն քրոջս նետեցի գետին ու պառկեցայ վրան: Շունը խածաւ զիս, վերարկուս ալ պատռեց, բայց քրոջս փրկեցի…

— Շա՞տ կը կարդաք, ժամանակ կ՝ըլլա՞յ:

— Մանկութեանս սիրած եմ կարդալ: Կը յիշեմ` ինչպէս մայրս, որ դպրոցի տնօրէնն էր, թէեւ յոգնած կու գար տուն, կը զբաղէր բոլոր գործերով, դեռ ժամանակ կը գտնէր եւ մեզհ համար կը կարդար «Յովազաձորի գերիները»: Երկրորդ-երրորդ դասարանին Թումանեան կը կարդայի, յետոյ Շիրազով տարուեցայ, ապա` Սեւակով: Ես ալ բանաստեղծութիւններ կը գրէի: Յետոյ զբաղմունքս շատցաւ, ստեղծագործելու ժամանակ չէր մնար: Կը յիշեմ` երրորդ լսարանին, Ապրիլ 24-ին, պաստառին գրեցինք` «անէ՛ծք» ու քալեցինք դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Ոստիկանութիւնը հասաւ, մեզ քաշքշեցին, մեր ձեռքի պաստառը խլեցին ու պատռեցին: Վրդովուած, յուզուած ու վիրաւորուած եկայ տուն ու գրեցի բանաստեղծութիւն մը, որուն վերջին տողերն էին.

Եւ թողէ՛ք` գնանք, փարուենք կոթողին,

Որ հանգստանայ մեր սիրտը էրուած,

Եւ ի յիշատակ անմեղ զոհերի

Անմար կրակը թող միշտ հուրհրա…

 — Ունի՞ք խորհրդանիշ, որ միշտ Ձեր հետ է:

— Ընտանիքիս անդամներուն նկարները եւ Սեւակի գիրքը, որ միշտ սեղանիս է:

 — Ո՞վ է Ձեր ամենամօտ ընկերը:

— Փոքր քոյրս: Երեք քոյր ենք, ունինք հրաշալի եղբայր մը, ընդհանրապէս ընտանիքի անդամներով շատ մտերիմ ենք: Մայրս իմ ամենամեծ խորհրդատուն է: Ունեցած եմ փառահեղ հայր, որ իր ուսանողներու, շրջապատի պաշտամունքի առարկան էր: Ան մեծ, լուսաւոր հետք ձգած է… Դպրոցական, ուսանողական, աշխատանքային շատ մտերիմներ եւ ընկերներ ունիմ, որոնց կրնամ տարիներով չտեսնել, բայց երբ հանդիպինք, կ՝արծես երէկ բաժնուած ըլլայինք:

–  Ձեր պատգամը դուրսը ապրող հայ երիտասարդներուն:

– Կը փափաքիմ, որ լաւ եւ շատ սորվին, ըլլան մրցունակ, միշտ ձգտին առաջինը ըլլալ: Չմոռնան հայրենիքը` պահպանելով անոր հետ կապը` թէ՛ գիտակցական, թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեւոր:

Գիտակցին, որ հայոց լեզուն հայ մնալու գլխաւոր կռուանն է եւ հայ ինքնութեան ողնաշարը: Պէտք է սորվիլ քանի մը օտար լեզու, սակայն՝ մայրենին երբեք չանտեսել: Լեզուն ազգային մեծագոյն արժէք է, որ պարտաւոր ենք պահել, զարգացնել եւ փոխանցել սերունդներուն:

«Ժամ»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին