Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Կինոփառատօնը

Յուլիս 9-ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» 14-րդ միջազգային կինոփառատօնը:

Աւանդոյթի համաձայն նախ կատարուեցաւ ծիրանի օրհնութիւն, այնուհետեւ «Մոսկուա» կինոթատրոնին մօտ` Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ մեր ֆիլմաշխարհի մեծերուն նուիրուած աստղերու բացում: Այս տարի բացուեցան Ֆրունզէ Դովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սերկէյ Իսրայէլեանի աստղերը, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Փառատօնի հիւրերը անցան աւանդական կարմիր գորգի վրայէն եւ մտան «Մոսկուա» կինոթատրոն, ուր տեղի ունեցաւ կինօթառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս տարի փառատօնի բացման ֆիլմը Համօ Բեկնազարեանի «Խասփուշ»-ն էր, որու ստեղծման 90-ամեակը կը լրանայ։

Բացման ներկայ էին բազմաթիւ օտարերկրեայ հիւրեր, դեսպաններ, արուեստասէրներ, պաշտօնեաներ:

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշեց, թէ շատ ուրախ է որ յառաջիկայ օրերուն հանրութիւնը աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած գունեղ ֆիլմերու միջոցով կրնայ հաղորդակցուիլ տարբեր ժողովուրդներու երազներուն ու ցանկութիւններուն:

«Ոսկէ Ծիրան»-ին մասնակցութեան համար 96 երկրէ ստացուած 1100 յայտերէն ընտրուած է 47 ֆիլմ, որոնք պիտի ցուցադրուին 3 մրցութային ծրագիրերու մէջ:

 «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է: Հիմնուած է 2004 թուականին` «Ոսկէ ծիրան» կինոյի զարգացման հիմնադրամի, Կինոգէտներու եւ կինոլրագրողներու հայկական ընկերակցութեան կողմէ: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են փառատօնի գլխաւոր տնօրէն, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, ծրագիրներու տնօրէն, կինոքննադատ Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն, կինոքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին