Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Անցեալ Տարի Հայաստան Այցելած է 1.5 Միլիոն Զբօսաշրջիկ. Արա Խզմալեան

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը երկու հիմնական ընելիք ունի ` թուային շուկայականութիւն (marketing) եւ զբօսաշրջային արդիւնքի ձեւաւորում: Լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ ըսած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Խզմալեան:

Անոր խօսքով, զբօսաշրջիկը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, այլ խօսքով, որքան իրազեկուած է Հայատան եկող զբօսաշրջիկը, աւելի վստահ եւ յաճախակի մեր երկիր կու գայ:

«Մեր խնդիրն է, որ մարդիկ ոչ թէ գան եւ այստեղ ճանչնան Հայաստանը, այլ մինչեւ գալը տեղեկանան` ինչ երկիր է Հայաստանը, ինչ զբօսաշրջային ուղղութիւններ կան, որուն կարելի է դիմել եւ ինչ ծառայութիւններ ստանալ»,- նշած է բանախօսը:

Արա Խզմալեան տեղեկացուցած է, որ հիմնադրամը այս տարի կը նախատեսէ մասնակցիլ Ռուսիոյ մէջ կայանալիք «Օտդիխ» ցուցահանդէսին, ուր հանդէս պիտի գան հայ զբօսաշրջային գործարկուներ (tour operators): Անոնք պիտի ներկայացնեն մեր երկրի հետաքրքրութիւն ներկայացնող զբօսաշրջային ուղղութիւնները:

«Պէտք է ամրապնդել զբօսաշրջիկի հետաքրքրութիւնը, թէ ինչու ան պէտք է տեսնէ Գառնին, Գեղարդը կամ Զօրաց քարերը: Որքան շատ պատճառներ եւ հիմքեր ստեղծենք, այնքան աւելի շատ զբօսաշրջիկները շահագրգռուած կ՛ըլլան Հայաստան այցելելով»,- ըսած է ոլորտի ներկայացուցիչը:

Արա Խզմալեան յիշեցուցած է, որ վիճակագրական տուեալներու համաձայն` անցեալ տարի Հայաստան այցելած է 1.5 միլիոն զբօսաշրջիկ: Մինչեւ 2017 թուականի Մայիս այցելութիւններու թիւը աճած է մօտ 30 տոկոսով` անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ: Ան յոյս յայտնած է, որ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստան կրնայ ունենալ տարեկան մինչեւ 2.5 միլիոն զբօսաշրջիկ:

Բանախօսը նշած է, որ Սփիւռքի ընդամէնը 10 տոկոսը եղած է Հայաստան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին