Շաբաթավերջին սահմաններուն վրայ, ազրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կոթի գիւղի սահմանագօտիի արտհունձ կատարողներու վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Aravot.am»-ը։
«Կոթիի վարչական ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեանի հեռախօսահամարին մեր զանգերը անպատասխան մնացին: Կոթիի բնակիչները յայտնեցին, որ գնդակոծութենէն, բարեբախտաբար, տուժածներ չկան: Ներկայիս Կոթիի մէջ խաղաղ է, սահմանամերձ գիւղին մէջ արտհունձը կը շարունակուի»,- գրած է թերթը: