Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

1990-էն Առ Այսօր Հայաստանի Մէջ 460 000 Կին Դիմած է Յղիութեան Արհեստական Ընդհատման. Ահարոն Ադիբեկեան

1990 -էն առ այսօր Հայաստանի մէջ յղիացած է մօտ 1,660,000 կին, որոնցմէ 1,200,000 հազարը ծննդաբերած են, իսկ 460,000–ը դիմած են յղիութեան արհեստական ընդհատման: Այս մասին այսօր` բնակչութեան համաշխարհային օրուան ընդառաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան:

«Այս տարիներու ընթացքին մօտ կէս միլիոն մարդ չէ ծնած: Եթէ մենք վիժումը արգիլենք, ատիկա չի նշանակեր, որ մարդու իրաւունքներու խախտում կ՛ըլլայ:  Ընտանիքը պէտք է ծրագրէ երեխաներու ծնունդը եւ կանայք հետեւին իրենց առողջութեան»,- նշած է Ադիբեկեան:

Ընկերաբանին խօսքով` այս ցուցանիշին մէջ ներառուած չեն մանկական մահացութիւնները եւ յետագայ խնդիրները: Ըստ անոր` հայերը կրճատուող ազգ են: Եթէ 1990-ին մէկ կնոջ       կու գար 2.2 երեխայ, հիմա այդ ցուցանիշը 1.7 է:

«Վերջին 10 տարիներուն մեր մօտ ամէն տարի կը ծնի մօտ 40,000 երեխայ: Այս կը նշանակէ, որ եթէ երեխաները դառնան մեր տարիքին, Հայաստանի մէջ լաւագոյն պարագային պիտի ապրի 1,8 միլիոն փոքր էթնոս ժողովուրդ: Իսկ Հայաստանի մէջ այսօր պէտք է ապրէր 5 միլիոն մարդ` եթէ նկատի ունենանք ներգաղթը Ազրպէյճանէն, Սուրիայէն, Ջաւախքէն, եւ եթէ ծնելիութեան մակարդակը պահպանուէր»,- յայտնած է ան:

Հայաստանի մէջ  երիտասարդներուն ճակատագրի հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ եթէ առաջ քաղաքի բնակիչները 2-3 երեխայ կը ծրագրէին ունենալ, իսկ գիւղաբնակները` 3-4,  հիմա անիկա կրճատուած է` դառնալով 1-2 երեխայ:

Որպէսզի Հայաստանի մէջ ծնելիութեան աճ ըլլայ պէտք է իւրաքանչիւր կնոջ առաջուան պէս հասնի 2.2 երեխայ: Ըստ ընկերաբանին` ծնելիութեան մակարդակի նուազման պատճառներն են` հարսնացուներու եւ փեսացուներու ծերացումը, ամուսնութիւններու թիւը, արտագաղթը:

Ադիբեկեանի տեղեկացմամբ` հայերը բացի Հայաստանէն, կ՛ապրին նաեւ աշխարհի 105 երկիրներու մէջ: Հայերուն թիւը ամբողջ աշխարհի մէջ 11 միլիոն է, որ բաւական հիմնաւորուած թիւ է: 11 միլիոն հայերուն 80 տոկոսը կ’ապրի 6 երկրի մէջ:

Հայերէնով կը խօսին 6-7 միլիոն իրենց հայ համարող մարդիկ: Իսկ Հայոց լեզուն օգտագործման առումով աշխարհի 7000 լեզուներէն 50-րդն է` հաշուի առնելով համացանցը, գրականութիւնը, գիտական աշխատանքները եւ խօսողներու թիւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին