Հայկական զարդերը կրնան մրցակցիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, բայց այնտեղ կը սիրեն աւելի բարձր յարգադրոշմի ոսկի:
Այս մասին «NEWS.am»–ին թղթակիցին յայտնած է Javed Sheikh Trading Co առեւտրային ընկերութեան տնօրէն Ճաւետ Շէյխը, որ ժամանած է Երեւանի ոսկերչական շուկայ` շարք մը այլ երկիրներու գնորդներու հետ միասին:
«Էմիրութիւններու մէջ գնորդները բծախնդիր են ու վարժուած են աւելի թանկարժէք զարդերու:Այստեղ գլխաւորաբար կ’աշխատին 14 քարաթանոց ոսկիի հետ, իսկ մեր մօտ պահանջուած են աւելի բարձր յարգադրոշմի ոսկին` 21 ու 22 (որոնք մօտ են մաքուր ոսկիին- խմբ․)»,- նկատեց ան:
«Իսկ զարդերը իրենց որակով վատ չեն, բայց պէտք է ժամանակակից սարքաւորում, որմով զարդերը վիզուալ այլ տեսք կը ստանան: Այդպիսով հայկական զարդերը կը ստանան շահեկան, ժամանակակից երանգ», աւելցուց ան: