*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանեան հին ու նոր երեւոյթ մըն է, ինչպէս տխուր նաեւ ուրախ առիթներով զէնքերով օդը կրակել:
Այս երեւոյթը անշուշտ ունի իր աշիրեթական արմատները, որ սակայն տակաւին կը կիրարկուի լիբանանեան այսպէս կոչուած արդի հասարակութեան մէջ:
Բնականաբար քաղաքացիական պատերազմն ու անոր հետեւանքով ժողովուրդին ձեռքը զէնքեր ըլլալու իրավիճակը, աւելի եւս «զարգացուց» այս անհեթեթութիւնը, որ ըստ երեւոյթին տակաւին կը մնայ անսանձելի:
Եթէ աշիրեթական մշակոյթին մէջ ինչ որ ձեւով ուրախութեան կամ յաղթանակի` նման դրսեւորումը ինչ որ չափով հասկնալի է, իմ համեստ գիտակցութեամբ դժուարութիւն ունիմ կապը գտնելու ակադեմական յաջողութեան եւ զէնքին միջեւ…:
Սիրելի՛ ընթերցող, կարծեմ կը հասկնաս թէ խօսքս ուր կ՛երթայ: Վերջերս քիչ մը յուզումով եւ շատ զայրոյթով կարդացի այն ցաւալի լուրը, որ կը վերաբերի այն հօրը, որ իր զաւակին դպրոցական պետական քննութիւններուն յաջողութիւնը շաղախեց իր իսկ զաւակին սպաննութեամբ, երբ դէպի երկինք իր կրակոցներով ցաւալի արկածով մը ակամայ սպանեց նոյն պահուն իրենց բնակած շէնքին տանիքը գտնուող քննութիւններուն յաջողած խեղճ պատանին՝ իր իսկ զաւակը:
«Կորսուած» փամբուշտներով մահերու մասին շա՜տ լսած եմ մանկութենես ի վեր ապրելով անիծուած կողմն այս աշխարհին, սակայն այս վերջինը այլեւս անտանելի էր:
Երբ կը պատրաստուէի այս մասին գրելու, պատահմամբ անդրադարձայ, որ լիբանանահայ ազգային գործիչ, պաշտօնակից եւ բարեկամ Յակոբ Հաւաթեան նոյնանման մտահոգութիւն եւ պոռթկում մը գրառած էր իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ, որուն շահեկանութեան եւ նոյնանման մտահոգութեան համար ամբողջութեամբ այստեղ կը տեղադրեմ:
«Ուրախութիւնը ողբերգութեան վերածելու այս անհասկնալի երեւոյթը օրէ օր աւելի կ’արմատանայ լիբանանեան իրականութեան մէջ`հասնելով անհեթեթութեան անդունդի եզրին: Հայրը իր զաւակի պետական քննութեանց յաջողութեան առիթով, ուրախութեան իբրեւ լիբանանեան «քաղաքակիրթ» արտայայտութիւն, աննպատակ կը կրակէ եւ վերջ կու տայ իր յաջողած զաւակի կեանքին: Պետութեան կողմէ հնչող սաստումի եւ զսպուածութեան կոչերը այլեւս անիմաստ են: Բանականութեան ու տրամաբանութեան այսքան ահաւոր խախտում բարի տրամադրութեամբ արձակուած կոչերով չի սրբագրուիր… Օրէնքը եւ անոր յիշեցումը միայն բանիմաց մարդոց կը սատարէ: Այստեղ պետութեան եւ անոր կառոյցներու «բիրտ» միջամտութիւնը անհրաժեշտ է` առաջքը առնելու համար այլեւս սովորական դարձած այս անհեթեթ սպանդին»:
Ընկերաբանութեան մէջ, սիրելի՛ ընթերցող, հասարակութեան օրէնքի մը համակերպումը (comformity) ապահովելու համար կը գործածուի յատուկ մեքանիզմ մը համատեղ գործիքներով.
Ենթարկում (compliance), որ ի գործ կը դրուի ուժով եւ պատիժներ սահմանելով: Նոյնացում (identification), ուր հասարակութեան վրայ ազդեցութիւն կը բանեցուի լաւ օրինակով, ինչպէս հանրածանօթ մը օգտագործել օրէնքը բացատրելու համար եւ ցոյց տալու, որ ինքն ալ այդ օրէնքին ջատագով է: Այս երկուքը, որուն վրայ աւելցնելով դաստիարակութիւնը հասարակութիւնը կը հասցնէ ներընկալումի (internalization), ուր քաղաքացին տուեալ օրէնքը կ՛ընկալէ որպէս անբեկանելի եւ այդ կը վերածուի մշակոյթի:
Սակայն երբ կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր վերի մեքանիզմը եղանակային է եւ ըստ բախտի ապա արդիւնքը այս կ՛ըլլայ:
Մինչեւ ե՞րբ այս անհեթեթութիւնը: Բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ, սակայն լիբանանցին երբ պիտի հասունութեան տարիքը թեւակոխէ…: