Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները Նոր Յայտարարութեամբ Անթոյլատրելի Համարած են Քաղաքացիական Բնակչութիւնը Վտանգելը

ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին Ֆրանսայի ներկայացուցիչը Մինսկի խումբի համանախագահներու անունով հանդէս եկած է նոր յայտարարութեամբ` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ հրադադարի խախտումներուն հետ` խստօրէն պահանջելով վտանգի տակ չդնել քաղաքացիական բնակչութիւնը:

Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ Յուլիս 4-ին հրադադարի խախտումը կը համարուի սադրիչ գործողութիւն, որ կրնայ խափանել հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ ջանքերը եւ վտանգել գալիք բանակցութիւնները:

«Կողմերուն կը յիշեցնենք Ժնեւեան համաձայնութեան մէջ ամրագրուած անոնց պարտաւորութիւնները, որոնք կ՛ենթադրեն զերծ մնալ ցանկացած գործողութենէ, որ կրնայ յանգեցնել քաղաքացիական անձերու անընդունելի կորուստներու: Կ՛առաջարկենք կողմերուն ձեռնարկել անյետաձգելի միջոցներ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ եւ յստակօրէն հետեւիլ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագիրներուն:

«Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդգծեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հնարաւորինս շուտ հասնելու` բանակցութիւնները սկսելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ այդ է միակ իրական ճանապարհը` հասնելու տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան, բարգաւաճման ու հաշտեցման»,- նշած են համանախագահները:

Յուլիս 4-ի երեկոյեան, Պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, որ նոյն օրը, ազրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակած է TR-107 համազարկային կրակի ռէակտիւ կայաններով, ականանետներով եւ նռնականետներով:

Հայկական կողմը կրակոցներուն հետեւանքով կորուստներ չէ ունեցած: Աւելի ուշ, Պաշտպանութեան բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած է թշնամիի դիրքերուն ուղղութեամբ: Ազրպէյճանական կողմը յայտարարած է երկու զոհ եւ մէկ վիրաւոր քաղաքացիի մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին