ՀԲԸՄ-ի Քլոտիա Նազարեան բժշկական կեդրոնը անվճար խորհրդատուութիւններ եւ բժշկական նախնական խնամքի ծառայութիւններ կը մատուցէ սուրիահայերուն՝ կանացի հիւանդութեանց, սրտաբանութեան, ակնաբուժութեան եւ մանկաբուժութեան գծով:
Կեդրոնը կը գործէ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտուն ժամը 10:30-13:30:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄ-ի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Իզմիրլեան Հիմնադրամի միջեւ գործընկերութեան շնորհիւ, Հայաստան հաստատուած սուրիահայեր բժշկական անվճար խորհդատուութիւններ պիտի ստանան Քլոտիա Նազարեան Կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ առիթը պիտի ունենան բժշկական յաւելեալ բուժման անհրաժեշտութեան պարագային դիմելու Իզմիրլեան Բժշկական Կեդրոն, ուր մինչեւ 45 առ հարիւրի զեղչեր պիտի ստանան: