Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

«4 Սերունդ. Վճռականութեան Ոգին» Խորագիրով Ցուցահանդէս-Վաճառք Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ

Յուլիս 7-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ ինչպէս նաեւ լիբանանահայ նկարչուհի Լենա Այտընեանի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «4 Սերունդ. Վճռականութեան Ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 4 տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Դանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի գեղանկարչական աշխատանքները, մանրաքանդակներ եւ լուսանկարներ:

Ձեռնարկը կ’իրականացուէր, նաեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս: Գոյացած հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին` ցուցահանդէսի կայացման նպաստելու համար:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի Սան Ժոզէֆ համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքի տնօրէն, արուեստագէտներու Այտընեան գերդաստանի ներկայացուցիչ՝ Հերմինէ Այտընեանը:

Ներկաները ողջունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շնորհաւորեց լիբանանահայ արուեստագէտները` հայրենիքի մէջ նման հետաքրքրական ցուցադրութիւն կեանքի կոչելու համար` նշելով. «Արդէն քանի մը օր է, որ Լիբանանի շունչն ու ոգին կը թեւածէ Երեւանի մէջ, քանի մը օր առաջ Լիբանանի «Զարթօնք» որաթերթի կազմակերպութեամբ՝ Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿի Ճամբով» գիրքին Շնորհանդէսը, երէկ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 70-ամեակին նուիրուած համերգը, որուն ընթացքին լիբանանցի երեխաները կատարեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները` կամրջելով Հայաստանն ու Լիբանանը, իսկ այսօր, 4 սերունդի ներկայացուցիչներ միասին կը ներկայացնեն իրենց ստեղծագործութիւնները, որոնց միաւորողը հայ մշակոյթն է, լիբանանեան հողի վրայ ստեղծագործելու, հայկական արուեստը զարգացնելու ու աշխարհին ներկայացնելու մղումը: Սիրելի՛ լիբանանահայ արուեստագէտներ, ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ արտացոլուած է  ժառանգաբար ձեզ փոխանցուած սէրը՝ գեղեցիկի, բարձր արուեստի հանդէպ: Այս ցուցահանդէսը կը վկայէ, որ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը, հայու տեսակն ու ոգին պահպանելու գործը յուսալի ձեռքերու մէջ է: Հայը ամէնուրեք յաղթող պէտք է ըլլայ` արուեստի, Արցախի առաջնագիծին, թէ գիտութեան ու տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ: Մեր բոլորին համար Հայաստանն է ձգողականութեան ուժ ու զօրութիւն տուող կեդրոնը»:

Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստելու եւ հայ մշակոյթը պահպանելու ու զարգացնելու համար՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Լենա Այտընեանին յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան Պատուոգիրը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին