Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներուն, Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2017-ին, Ս․Գրոց ամառնային վարժարանը սկսաւ իր աշխատանքներուն, մասնակցութեամբ 13-17 տարիքի պատանի-պարմանուհիներու։
Այս առիթով, չորեքշբաթի, 5 յուլիսին ամառնային վարժարանին մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան հանդիպում մը ունեցաւ մասնակիցներուն հետ։ Սրբազան Առաջնորդը մեծապէս գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, որ այս ամառնային դպրոցի անդրանիկ փորձը արդէն իսկ կը նպաստէ իր նպատակին։ Շահէ Եպս. Փանոսեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային յաւելեալ ճիգով եւ նախանձախնդրութեամբ կը կազմակերպուին նմանօրինակ բնոյթի աւելի մեծ եւ ծաւալուն ծրագիրներ։
Յայտնենք, որ ամառնային դպրոցի մասնակիցները Երկուշաբթիէն Չորեքշաբթի օրերու ընթացքին ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ կը հետեւին դաստիարկաչական-կրթական ծրագիրի։ Անոնք Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան պահերուն ընդմէջէն կը ստնանան հոգեւոր դաստիարակութիւն։
Ծրագիրին նաեւ մաս կը կազմեն սննդագիտութեան, առողջապահութեան, անգլերէնի, ընդհանուր զարգացման, գծագրութեան, ձեռային աշխատանքներու, մարզանքի եւ ինքնաարտայայտման նպաստող պահերը։ Այս բոլորին կողքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան վկայեալ եւ յաջողութիւններ արձանագրած մարդոց, որոնք իրենց ասպարէզի փորձառութիւնը պիտի փոխանցեն աշակերտներուն։
Նշեալ ծրագիրի կողքին, մասնակիցները պիտի ունենան ուրախ ժամանցի բազմաբնոյթ հաւաքներ եւ խաղեր, որպէսզի ամառնային արձակուրդը անցընեն հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Հինգշաբթի օրերը յատկացուած են արտադասարանային պտոյտներու, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ 6 Յուլիսին, «Արնաուն Վիլէյճ»-ին մէջ։ Ամառնային վարժարանը կ’աւարտի 10 Օգոստոսին։