Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Պաշտպանութեան Բանակը Կը Շարունակէ Հանդէս Գալ Իրավիճակի Թելադրողի Դերով ԱՀ ՊԲ

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հանդէս գալ իրավիճակի թելադրողի դերով ԱՀ ՊԲ

2-էն 8-ն Յուլիս ինկած ժամանակահատուածին արցախ-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ նկատուած է լարուածութեան աճ: Ընդհանուր առմամբ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 300 անգամ՝ առաջնային գիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կիրառելով 60, 82 եւ 120 միլիմետրանոց ականանետեր, Դ-44 տիպի հրանօթներ ու նռնականետեր: Հարկ է նշել նաեւ, որ 4 յուլիսի ազրպէյճանական զինուժը նախորդ տարուայ ապրիլեան ռազմագործողութիւններէն ետք առաջին անգամ շփման գիծի հարաւային հատուածին վրայ կիրառած է նաեւ 122 մմ-ոց Դ-30 հաուբից հրանօթներ եւ ՏՌ-107 տիպի համազարկային հրթիռային կայանքներ՝ հարուածի թիրախ դարձնելով այդ ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական բնագծերը: Վերոնշեալ հրթիռային կայանքները տեղակայելով Ալխանլու գիւղի մերձակայ տարածքին մէջ, իր սովորութեան համաձայն, ազրպէյճանական զինուժը պատսպարուած է խաղաղ բնակչութեան թիկունքին ՝ վերջինիս օգտագործելով որպէս կենդանի վահան՝ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի նորմերը:

Օգտուելով պաշտպանուելու իր լիարժէք իրաւունքէն, հակառակորդի՝ խաղաղ բնակավայրին մերձակայ տարածքին մէջ տեղակայուած կրակակէտը լռեցնելու համար, ՊԲ-ի առաջապահ զօրամասերը հարկադրուած եղած են դիմելու պատասխան գործողութիւններու:

Պաշտպանութեան բանակը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակէ հանդէս գալ իրավիճակի թելադրողի դերով եւ վստահօրէն իրականացնել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին