*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Տարբեր ես դուն մեր երազէն, աւելի լաւ» Վ. Թէքէեան
Երազ: Գուցէ հոմանիշն է Դրախտ բառին հաւատացեալին համար, բայց երազը համընդհանուր է. hաւատքի, տեսութեան հետ կապ չունի, կը ծնի ցանկութենէ, ու եթէ նոյնիսկ ցանկութիւնը մեռնի, «Երազը ե՞րբ է մեռած,
Երազ մը երբ կը մեռնի,
Նոր երազի կու տայ ծին»:
Մարդ արարածը կ՛երազէ. իր յատկութիններէն մին է: Կ՛երազէ ինչ որ կը փափաքի, աւելին՝ կ՛ըղձայ ու կը փորձէ իրականացնել երազը. թագաւոր, ստրուկ, մեծ կամ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, առողջ թէ հիւանդ կ՛երազեն… ամէն մէկը իր պէտքին համեմատ կամ՝ ցանկութեան:
«Երազ տեսայ, Սայեաթ Նովան մօտս եկաւ սազը ձեռին» Ե.Չարենց
«Երազիս մէջ եղնիկ էիր կը վազէիր սարերն ի վեր» Յ.Շիրազ
Ընդհանուր խանդավառութեան օրեր էին… վերջացած էր Համաշխարհային Երկրորդ պարերազմը, հրավառութիւն ամենուր…. հայու պարագային՝ ա՛յլ խանդավառութիւն մը յաջորդեց: Կարօտակէզ հայը Հայրենիք բառին մէջ խտացուած տեսնելով դարերու երազանքը ու կորսուածը գտած ըլլալու հոգեապրումով, հայրենի հողի վրայ իր կեանքը շարունակելու երջանիկ յոյսով ապրելու խանդավառութիւնը կ՛ապրէր… մէկ բառի մէջ՝ ՆԵՐԳԱՂԹ…
Կատարուեցաւ… բայց ոչ ամբողջովին, քանի որ ե՛ւ մերժողներ, ե՛ւ մերժուողներ գտնուեցան տարբեր պատճառներով…
Ապա, պիտի գրէի .- «Տուիք ինծի սիրտ մը բարի որ մարդկային սիրով խորունկ կ՛արիւնի
Աչքեր՝ որոնց ծիրին վրայ ծփացող նաւը կ՛անհետի» Նուէր՝ Ծնողքիս:
Ուրեմն լիբանանեան քաղաքացիութեամբ շարունակուեցաւ կեանքը. կեանք մը, որ միշտ ալ լրիւ ապրումներով լիացած չէր կրնար ըլլալ. Վերջիվերջոյ քաղաքացիութիւնը այլ բան է օտար երկրի մէջ, այս մէկը լիբանանեան յարանունական երկրի մէջ զգալի է:
Աւարտ ներգաղթի: «Երկաթէ վարագոյր»..ու տասնեակ տարիներ այդպէս, մինչեւ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրում, որմէ՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ…: Շրջան մը ետք վերջապէս հայրենի Պետութեան որոշումը՝ քաղաքացիութեան շնորհում՝ Սփիւռքահայերու:
Օգտուեցանք այդ առիթէն եւ Հայրենիքի օդը շնչելու, հայ ապրելու, Հայրենիքի՛ մէջ հայ ապրելու գոհունակութիւնը կ՛ապրինք… այսինքն՝ այլ ըսելակերպով «Կաթսան գտած էր իր կափարիչը»…
Այսքանը՝ զգացական սկիզբն է տակաւին:
Արդեօք պիտի կրկնե՞մ Թէքէեանի խօսքը… Յոյսեր կան եւ կայ նաեւ տեսլական, առանց որոնց երկիրը կը կորսուի: Արդեօք պիտի վերադառնա՞ն «կռունկ»ները…
Կը սպասենք:
Յ.Գ. Կ՛ըսուի թէ երբ ՄԵԾՆ իր գրաւած երկիրները բաժնեց իր զօրավարներուն միջեւ, իրեն ըսուեցաւ թէ… իսկ իրեն ին՞չ մնաց… իսկ ԱՆ պատասխանեց.- ՅՈՅՍԸ:
Երեւան