Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ը Կոչ Ըրած է ԼՂ Հակամարտող Կողմերուն Վերադառնալ Բանակցային Սեղանի Շուրջ

Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւնը մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ բռնութեան նոր դէպքերու արձանագրութեան առնչութեամբ: Այս մասին խօսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամուլի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիկ:

«Ինչպէս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշած է 2017 թուականի Յունիս 22-ի յայտարարութեան մէջ` մենք բոլորս մեծապէս անհանգստացած ենք անվտանգութեան վիճակի վատթարացմամբ, որոնց շարքին շփման գիծի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աւելի լայն շրջանին մէջ հրադադար խախտումներու առնչութեամբ»,- Նիւ Եորքի մէջ ըսած է Տիւժարիկ:

Ան ընդգծած է, որ իրենք ի գիտութիւն ընդունած են եւ յայտարարած, որ կ՛աջակցին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի վերջին յայտարարութեան` կապուած Յուլիս 4-ին Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլի շրջանին մէջ հրադադարի խախտման հետ, որ մարդկային զոհերու, որոնց մէջ եւ քաղաքացիական անձերու մահուան պատճառ դարձած է: «Մենք կոչ կ՛ընենք կողմերուն զերծ մնալ որեւէ ռազմական գործողութենէ եւ խստօրէն կը յորդորենք անոնց անյապաղ քայլեր ձեռնարկել լարուածութիւնը մեղմելու եւ յետագայ բռնութիւնը կանխելու նպատակով: Ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ բանակցային սեղանի շուրջ բարի կամքով վերադառնալը  միակ ճանապարհն է` լուծելու այս երկարատեւ ու վտանգաւոր հակամարտութիւնը»,- կ՛ըսուի մամուլի խօսնակին յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին