Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Գումար կը Յատկացնէ «Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօնի Կազմակերպչական Ծախսերուն Համար

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը կառավարութեան վաղուան նիստի օրակարգին ներառուած նախագիծ ունի, որմով կ’առաջարկուի գումարներ յատկացնել համաշխարհային ճանաչում ունեցող շարժանկարի գործիչներու եւ փառատօնին մասնակից պատուիրակութիւններու հրաւէրներուն, կազմակերպչական ծախսերուն եւ այլ նպատակներու համար:

Մասնաւորապէս` փառատօնի կազմակերպման եւ իրականացման մասնակի ծախսերը իրականացնելու նպատակով յատկացուած աւելի քան 50 միլիոն դրամ գումարէն 19 միլիոն 301  հազար դրամը պիտի ուղղուի պատուիրակութիւններուն ընդունման եւ ֆիլմերու երկկողմանի տեղափոխման հետ կապուած փոսթային կապի ծառայութիւններուն, իսկ 31 միլիոն 198 հազար դրամը` փառատօնին բնորոշ յատուկ ծախսերու գործընթացին` հիւրերու փոխադրման (անոնց համար յարմարաւէտ պայմաններով), արտասահմանեան ֆիլմերու ընտրութեան, հեղինակային իրաւունքի ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ այլ հրատապ կազմակերպական եւ ճարտարագիտական աշխատանքներու կատարման:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ աշխարհի մէջ տարեկան կը կազմակերպուին 4000-էն աւելի շարժանկարի միջազգային փառատօններ, եւ շարժանկարի աշխարհին մէջ հեղինակութիւն վայելող գործիչները մեծ պահանջարկ ունին գրեթէ բոլոր փառատօններու եւ շարժանկարի ուսումնարաններու կողմէ, մասնաւորապէս որեւէ փառատօնի հիւրընկալուելու անոնց որոշումը կը կայացուի փառատօնի մեկնարկէն ոչ աւելի, քան մէկ ամիս առաջ:

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի կազմակերպման նպատակով կարիքները (ապրանքի մատակարարում, աշխատանքի կատարում կամ ծառայութեան մատուցում) պէտք է ամբողջ ծաւալով բաւարարուին` պայմանագրերու կատարման արդիւնքները ամբողջ ծաւալով պէտք է ընդունուին գնման պահանջի ծագման օրունէ հաշուած այնպիսի ժամկէտի մէջ, որուն ընթացքին գնման մրցակցային որեւէ ձեւի կիրառումը ժամկէտի առումով անհնար է:

Վերոգրեալով պայմանաւորուած` անհրաժեշտութիւն յառաջացած է «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան կողմէն ապրանքներու, աշխատանքներու եւ ծառայութիւններու ձեռքբերումները կատարել «գնումներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 23-րդ յօդուածի Ա.-ին մասի 2-րդ կէտով նախատեսուած ընթացակարգով` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ձեռնարկը պիտի իրականացուի 2017 թուականի Յուլիս 9-16 ներառեալ:

«Որոշման նախագիծին ընդունումը պիտի նպաստէ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի անխափան եւ պատշաճ մակարդակով իրականացման, համաշխարհային ճանաչում ունեցող շարժանկարի գործիչներուն եւ մասնակից պատուիրակութիւններուն հայ մշակոյթի ներկայացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համաշխարհային շարժանկարի արուեստի լաւագոյն ֆիլմերու հաղորդակցման»,- նշուած է կից ներկայացուած հիմնաւորման մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին