Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիթըր Սուիթալսքի երէկ ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը կը ցանկայ աջակցիլ Հայաստանի ուժանիւթի անկախութեան։
Այս մասին՝ ըստ «Մեդիամաքս»-ի՝ դեսպանը ըսած է Երեւանի մէջ արեւային ուժանիւթով սնուցուող հանրային փոխադրամիջոցի առաջին կանգառի բացման ժամանակ:
Երեւանի Մոսկովեան եւ Բաղրամեան փողոցներու վրայ գտնուող հանրային փոխադրամիջոցի երկու կանգառներուն մէջ այսօրուընէ սկսեալ՝ հնարաւոր է անվճար լիցքաւորել բջիջային հեռախօսները եւ թուային այլ սարքաւորումները արեւային ուժանիւթով:
«Մենք կը ցանկանք օժանդակել հայերուն ձեռք բերելու աւելի մաքուր եւ աժան ուժանիւթ: Արեգակնային ուժանիւթի օգտագործումը շատ նպաստաւոր է Հայաստանի համար, քանի որ այստեղ արեւային օրերը շատ են: Շատեր կը կարծեն, որ նման արհեստագիտութիւնը միայն հարուստ երկիրներու համար են, սակայն մենք կը փորձենք ցոյց տալ, որ ատիկա այդպէս չէ»,- ըսած է Փիթըր Սուիթալսքի:
Դեսպանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ կանգառին մէջ տեղադրուած արեգակնային վահանակները պիտի մնան մէկ տարի, որմէ ետք պիտի փոխանցուին դպրոցներու կամ մանկապարտէզներու: Անոր խօսքով` տակաւին պարզ չէ, թէ այս ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ, թէ ոչ: