ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերով ընդհանուր յանձնաժողովը Մինսկի մէջ ընթացող նստաշրջանի ժամանակ ընդունեց Ազրպէյճանը քննադատող՝ շուէտացի պատգամաւորին նախաձեռնած բանաձեւի նախագիծը:
«Արմենփրէս»-ի հաղորդումով՝ այս մասին տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստին»-ի թղթակիցը:
Ան կը քննադատէ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու ոլորտին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաև մտահոգութիւն կը յայտնէ ժողովրդավարութեան զարգացման վատթարացումին, մարդու իրաւունքներու շարունակական և աճող խախտումներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ ազատութեան համար պայքարող այլ պաշտպաններու իրաւունքներու խախտման հարցերով:
Ներկայացնելով բանաձեւը՝ հեղինակ Քրիստիան Հոլմ-Պարենֆելտը նշած է, որ խօսքը ժողովրդավարութեան հետ կապուած խնդիրներու մասին է այն երկրին մէջ, ուր մշտապէս կը խախտուին մարդու իրաւունքները: