Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Հայաստան Շուտով Ոսկիի Բաւական Շատ Պաշարներ Պիտի Ունենայ. Արթուր Ջաւադեան

Հայաստան շատ շուտով պիտի ունենայ բաւական լուրջ ոսկիի պաշարներ: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան: «Ես մէկ տարի առաջ ալ յայտարարած էի: Հիմա մենք ծրագիր կ՛իրականացնենք համաշխարհային ճանաչում ունեցող շատ լուրջ ընկերութեան մը հետ: Հիմա կը կառուցենք աֆինաժի (արդիւնաբերական եղանակով ազնիւ մետաղներու ստացում զտման միջոցով-խմբ.) գործարան: Շատ մեծ գործարան պիտի ըլլայ, որուն տնօրինութիւնը պիտի ստանձնէ համաշխարհային շատ լուրջ ընկերութիւն մը: Ես համոզուած եմ, որ շատ շուտով մենք պիտի ունենանք աւելի շատ ոսկիի պաշարներ, քան ունեցած ենք մինչեւ 2004 թուականը»,- «Արմենփրէս»-ի փոխանցմամբ` ըսած է Ջաւադեան:

Ան յայտնած է, որ 2004-ին Հայաստանի ոսկիի պաշարը եղած է ընդամէնը 1.6 թոն: «Այդ ժամանակ մեր ոսկիի պաշարները վաճառելը ճիշդ քայլ եղած է, որովհետեւ այն եկամուտը, որ մենք ստացած ենք ու փոխանցած ենք պետական պիւտճէ, շատ լուրջ թիւ եղած է»,- մանրամասնած է ան:

Ան աւելցուցած է, որ գործարանի կառուցումէն ետք կ՛ակնկալեն ունենալ ոսկիի շատ աւելի լուրջ պաշար, քանի որ այդ գործարանի հնարաւորութիւնը տարեկան մինչեւ 10 թոն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին