Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի 2017 Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Աւելի քան 350 սփիւռքահայ մասնակիցներու ներկայութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, Յուլիս 3-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան 2017 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութիւնը` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը ստեղծուած է ազգային ինքնութեան, հայեցի լեզուամտածողութեան պահպանման եւ զարգացման նպատակով: Նախարարը կոչ ուղղեց երիտասարդ մասնակիցներուն, որ հայերէնը լաւ սորվին: Ան ըսաւ. «Հայ երիտասարդները աշխարհի մէջ պէտք է մրցունակ ըլլան իրենց գիտելիքներով, դառնան մասնագէտներ եւ իմանան, որ իրենց միտքն ու գիտելիքը ազգային մեծագոյն դրամագլուխն է ո՛չ միայն իրենց համար, այլ նաեւ հայրենիքին համար»:

Խօսք առաւ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ մասնակիցներ, համալսարանի ամբողջ կազմը սրտագին կ՛ողջունէ ձեզ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերի դասընթացքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու գործին»:

Այնուհետեւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներ Վանուհի Խաչիկեան (Իրաքէն), Աստղիկ Լագզեան (Ռուսիայէն) եւ Սաթենիկ Տէր Գրիգորեան (Միացեալ Նահանգներէն):

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի Մշակոյթի կեդրոնի սաները, որոնք ներկայացուցին երաժշտական, պարային եւ ասմունքի գեղեցիկ կտորներ ու մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:

Այնուհետեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները առանձնացան ըստ իրենց ընտրած ուղղութեան եւ համախմբուելով իրենց պատասխանատուներուն շուրջ սկսան իրենց աշխատանքներուն:

Նշենք, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հինգ ուղղութիւններն են`

– Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիս 2-29)

– Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (Յուլիս 2-29)

– Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում (Յուլիս 2-15)

– Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացք (Յուլիս 2-15)

– Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք (Յուլիս 2-15)

Յայտնենք, որ հինգ ուղղութիւններու ծրագիրները իրենց առօրեայ աշխատանքներու կողքին պիտի ընդգրկեն հանդիպումներ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական, ազգային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ու արուեստագէտներու հետ: Մասնակիցները նաեւ այցելութիւններ պիտի տան Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէք ունեցող վայրեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին