Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Ռուսիայէն Աւելորդ Սպասելիքներ Պէտք Չէ Ունենանք․ Շաւարշ Քոչարեան

«Անվտանգութեան հարցերով առաջին հերթին մեր յոյսը պէտք է դնենք մեր ուժին վրայ»,-այսօր Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներուն ըսած է Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան` անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին հերթական անգամ զէնք վաճառելու մասին հարցին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:

Քոչարեան ընդգծած է, որ պէտք չէ ունենանք աւելորդ սպասելիքներ:

«Անշուշտ որ Ռուսիան մեր դաշնակիցն է, բայց աւելորդ սպասելիքներ պէտք չէ ունենալ: Ատիկա իրականութիւն է: Մեր դիրքորոշումը այդ հարցով շատ յստակ եւ պարզ է: Բազմաթիւ անգամներ ատիկա արտայայտուած է, նաեւ ամենաբարձր մակարդակով: Բայց, այնուամենայնիւ, ատիկա է  իրողութիւնը: Եւ մեկնելով այդ իրողութենէն մենք պէտք է կառուցենք մեր արտաքին քաղաքականութիւնը թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ այլ գործընկերներու նկատմամբ»,- ըսած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին